Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ, Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում

April 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

LEM1_42716

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին

դիմաց:

Ձեռնարկին սկիզբը «Աղբալեան» պատանեկան միութեան  խումբ մը պատանիներ եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի անդամներ ջահերով տողանցեցին դէպի ձեռնարկին վայրը, առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ Անթիլիասի շեփորախումբին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Նորամանեան: Նորամանեան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն եւ մէջբերելով Համբիկ Սասունեանի խօսքերը ըսաւ, որ մենք շատ պարտականութիւններ ունինք կատարելիք հայ ազգին նկատմամբ, սակայն Հայ դատը որեւէ ձեւով պարտական չէ մեզի: Ապա Նորամանեան անդրադարձաւ արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պէտք է շարունակէ իր նախնիներուն կերտած ճամբան` հասնելու համար գերագոյն նպատակին:

LEM4_42716LEM2_42716LEM3_42716Բացման խօսքէն ետք ասմունքով մը հանդէս եկաւ Աւետիս Մարտիրոսեան, որ Վահան Տէրեանէն արտասանեց «Մի՛ խառնէք մեզ» բանաստեղծութիւնը: Ապա ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, որոնք մասնաւորապէս կեդրոնացած էին թրքական արտադրութեան դէմ քարոզչութեան վրայ:

Տեսերիզներու ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Քրիստափոր Միքայէլեան, որուն պատգամը կեդրոնացած էր ուսումի եւ զարգացման կարեւորութեան վրայ: Բանախօսը շեշտեց, որ մեր փրկութեան կարեւորագոյն երաշխիքը արհեստագիտութեան եւ ուսման մակարդակներու զարգացումն է: Միքայէլեան նաեւ անդրադարձաւ հզօր պետութիւններու շահակեդրոն քաղաքականութիւններուն վրայ եւ ըսաւ. «Անոնք (հզօր պետութիւնները) մեզի պէտք չունին, սակայն մենք մեզի շատ պէտք ունինք»:

Օրուան պատգամէն ետք, ելոյթ ունեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղէն Բարտի Պետիրեան եւ Հրակ Գարամինասեան, որոնք խումբ մը ազգային երգերու կատարողութեամբ գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը: Ապա փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Ֆերմենեան: Ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն պատմութեան ընթացքին ծնունդ տուած է բացառիկ հերոսներու, որոնք իրենց անձնական կեանքը մէկդի դնելով անցած են հայրենիքի ազատութիւնը ապահովելու սուրբ գործին, առ այդ, ան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին անունով կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, որ ապրին այնպէս մը, որ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ միշտ արձագանգէ նահատակներուն հերոսական վրէժի կանչը:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» քայլերգով:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Փոխնախարարի Այցելութիւնը «Ազդակ»

Յաջորդը

Սերժ Սրապիոնեան Ներկայացուց Պարոյր Սեւակի Կեանքն Ու Գործը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.