Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Լրատուամիջոցներու Անդրադարձը

April 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

L'orient-le-jour_42616

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ին առիթով  լիբանանեան գրաւոր թէ բանաւոր մամուլը, ինչպէս նաեւ լրատուական ցանցերը կը շարունակեն անդրադառնալ ցեղասպանութեան իրողութեան տեղեկատուութեամբ, հարցազրոյցներով, յօդուածագրութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով. այդ լրատուամիջոցներուն շարքին են ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան լը ժուր», «Ժումհուրիա», «Ախպար», «Շարք» եւ այլ թերթեր,  որոնց կ՛անդրադառնանք յաջորդաբար:

«Լ՛Օրիան լը ժուր» 23-24 ապրիլ 2016-ի իր թիւով յատուկ թղթածրար մը յատկացուցած է Ցեղասպանութեան նիւթին, այդ թղթածրարին մէջ տպուած են հարցազրոյցներ, յօդուածներ ստորագրած են հայ ականաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ այլն:

Ստորեւ հատուածներ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ստորագրած յօդուածէն.

Միջկառուցային Իրագործումներ

«Կը գտնուինք այնպիսի ժամանակի մէջ, ուր մարդկութիւնը այլեւս անկարող է ապրիլ նկուղի մը մէջ, ուր ջարդուած ժողովուրդի զաւակներու դիակներ կան», Ժան Ժորեսի այս նախադասութիւնը կը ցոլացնէ Հայկական հարցի ամբողջ ողբերգութիւնը:

Այս նախադասութեամբ սկսած է Բագրատունի իր յօդուածը, ուր ան պատմական յետադարձ հակիրճ ակնարկով կը նշէ, թէ իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ի օրը աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կոտորուած մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութիւնը: Բագրատունի կը նշէ, թէ ինչպէ՛ս հայ գաղթականներու սկզբնական կանգառները կ՛ըլլան Սուրիան եւ Լիբանանը, ուր նախապէս ալ կ՛ապրէին հայեր, յատկապէս` հիւսիսային Լիբանանի եւ Քեսրուանի մէջ եւ թէ ինչպէ՛ս հայեր` կորսնցուցած ամէն ինչ, բացի իրենց արժանապատուութենէն, ոչինչէն կը լծուին վերականգնումի ու գոյատեւման երթին` առանց երբեք ձեռնածալ մնալու դժուարութիւններուն դէմ: 1943-ի անկախութեան առաջին իսկ օրերէն հայեր կը դառնան լիիրաւ քաղաքացիներ, աստիճանաբար կը կազմակերպուին, կը մասնակցին Լիբանանի կերտումի ճիգերուն, խորհրդարանին մէջ կ՛ունենան իրենց ներկայացուցիչները, կ՛ունենան նախարարներ, զինուորականներ ու վարչամեքենայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` միշտ կառչած մնալով իրենց ազգային պատկանելիութեան ու պահելով իրենց ազգային դիմագիծը: Լիբանանի պատերազմի դառն օրերուն հայեր կ՛որդեգրեն դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը` միշտ հաւատալով, որ երկխօսութեան ճամբով միայն կարելի է յանգիլ  բարեյաջող լուծման: Հայեր կը գիտակցին շրջանին մէջ պատահած ու պատահող իրադարձութեանց վտանգաւոր էութեան` հաւատալով, որ միայն խաղաղ, միասնական, արդար ու ժողովրդավար Լիբանանն է, որ կրնայ յառաջդիմել:

Ապրիլ 24-ը յիշելու եւ ոգեկոչման օր է ու յատկապէս` ուխտի վերանորոգման օր: Հայկական հարցը պիտի շարունակէ մնալ բաց վէրք մը, այնքան ատեն որ յանցագործները արդարութեան առջեւ չեն ներկայացուած, հաշուետուութեան չեն կանչուած իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ չեն հատուցած իրենց բռնի ուժով խլածն ու կողոպտածը:

http://www.lorientlejour.com/dossier/2016-04-23/596-les-101-ans-du-genocide-armenien

 

Նախորդը

Քաղաքական Թէ Դիւանագիտական Հանդիպումներու Արդիւնաւորման Սպասումով` Լիբանանցիք Կը Շարունակեն Բողոքել

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Սխալմամբ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.