Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻ` Ի ԽՆԴԻՐ ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒՈՂ ՌՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

September 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ սարքեց ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող տարանջատուող ռումբերուն վնասազերծման յատուկ խորհրդաժողովին մասնակցող պատուիրակութիւններուն, որոնց կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պաշտօնատարներ:

Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ամբողջացնելու համար տարանջատուող ռումբերու վնասազերծման աշխատանքը:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան հաստատ եւ վճռակամ քայլերով կը յառաջանայ այս հարցին մէջ` աւելցնելով սակայն, որ առանց ՄԱԿ-ին օժանդակութեան եւ Միջազգային կարմիր խաչին աջակցութեան կարելի պիտի չըլլայ աւարտել այդ աշխատանքը:

Միքաթի շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ի վեր տարանջատուող ռումբերուն իրավիճակը Լիբանանին դէմ մեծ վտանգներ կը պատճառէ` խլելով բազմաթիւ զոհեր եւ իր ետին թողելով մեծ թիւով հաշմուածներ:

Միւս կողմէ, վարչապետը ընդունեց Վենզուելայի արտաքին գործոց փոխնախարար Թիմիր Պորաս Պոնշելիոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պոնշելիոն յայտնեց, որ վարչապետին փոխանցած է նախագահ Հիւկօ Չաւեզի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ դրուատած Վենեզուելայի մէջ լիբանանեան գաղութին դերակատարութիւնը եւ երկրին բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած նպաստը:

Ան նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս` քարիւղի եւ ուժանիւթի մարզին մէջ կապերու աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պոնշելիոն շեշտեց, որ Վենեզուելա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ արաբ ժողովուրդին` ընդդէմ Իսրայէլի ու անոր գործած բռնարարքներուն:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Վան Թոպ Քրիսթընսընը: Քննարկուեցան լիբանանեան-դանիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր:

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Յաջորդը

ԿԻՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.