Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ռաատ յայտնեց, որ զօր. Լահուտի հետ հանդիպումը կ՛ամրապնդէ լաւատեսութիւնը` ազգային սկզբունքներուն նկատմամբ:
Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին այնպիսի հանգրուանի մը դէմ յանդիման, որուն ընթացքին հարկ է յանդգնօրէն պարզել իրականութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտել Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անոր յանձնառութիւնը` երկրին ապահովութեան, պաշտպանութեան ու կայունութեան նկատմամբ: Այս ծիրին մէջ Ռաատ նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել, եթէ իսրայէլեան բռնարարքները սահմանող ուժ մը չգոյանայ
Ռաատ շեշտեց, որ հարկ է կեցուածքները լաւ հասկնալ ու ըմբռնել, շուտով մեկնաբանութիւններ կատարելու եւ արագ կերպով հակազդելու փոխարէն:
Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահը վերահաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքականացած է` աւելցնելով, որ այդ ատեանին ծառայողները միջազգային գաղտնի սպասարկութեանց հաշուոյն գործող պաշտօնեաներ են:


