Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԵՒԵԼՔԻ քրիստոնեաներու հանդիպումի ընդհանուր քարտուղար Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ հարկ է Արեւելքի քրիստոնեաներուն միջեւ հաղորդակցութեան որոշ եզր մը գտնել:

«ԱՆՊԱ» քուէյթեան օրաթերթին համաձայն, Վատիկանը Սուրիոյ մասին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայիի արտայայտած տեսակէտներուն նեցուկ կը կանգնի:

«ՈՒԱԹԱՆ» սուրիական օրաթերթին մէջ զարմանք կը յայտնուի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ դրսեւորուած կեցուածքներուն դէմ լիբանանեան ընդդիմութեան ցուցաբերած յարձակողական հակազդեցութիւններուն գծով: «Փարիզէն իր կատարած յայտարարութիւններով Ռայի պատրիարքը ապացուցեց, որ ինք ամբողջ Արեւելքի քրիստոնեաներուն պատրիարքն է», նշուեցաւ նոյն օրաթերթին մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը ոչ ոքի խորհուրդներուն կը կարօտի, «իսկ անոր դէմ մղուող արշաւը կանխամտածուած եւ ծրագրուած է», շեշտեց ան:

«ԱՆՊԱ» քուէյթեան օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ տակաւին յարաբերութիւնները ի զօրու են, մինչդեռ Միքաթի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի գժտուած են:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման գծով վարչապետ Միքաթի խուսանաւումներ կը կատարէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը յանձնառու է լիբանանեան բանակին եւ կը նկատէ, որ բանակը կարմիր գիծ է, որուն պէտք չէ մօտենալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ կատարուած յարձակումը սնանկութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր մաս կազմել տիրող բանավէճին եւ սնանել զայն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց` ապազինելու Հըզպալլան` աւելցնելով, որ այլապէս լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պիտի զինուին` ազատագրելու համար բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պէտք է իրենց խօսքերը գործի վերածեն` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները դիւրացնելու շրջագիծին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտայայտած շատ մը կեցուածքներուն համաձայն չէ, սակայն ան չի փափաքիր պատրիարքին հետ բանավէճի մէջ մտնել:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատած է, որ ինք պիտի շարունակէ ճշմարտութիւնը ըսել եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին նկատմամբ թշնամանք կամ բարեկամութիւն չցուցաբերել: «Իսկ Պքերքէի դռները բոլորին դիմաց բաց պիտի մնան», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

«ԱՆՊԱ» քուէյթեան օրաթերթին համաձայն, այս ամսուան ընթացքին Լիբանանի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլան 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մշակումը, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներու նշանակումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր խստիւ դատապարտեց Ռայի պատրիարքին դէմ ընդդիմութեան մղած արշաւը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, թէ կուսակցութիւնը կը սերտէ Պքերքէի մէջ յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին գումարուելիք քրիստոնեայ ղեկավարներու նիստին Սամիր Ժահժահի մասնակցութեան հաւանականութիւնը:

ՖԱԹԻՄԱՅԻ դարպասին մուտքին երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն ի վեր տիրեց կազմ ու պատրաստ վիճակի կացութիւն` իսրայէլեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը ջանան հանդարտեցնել կացութիւնը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր խստիւ դատապարտեց Ռաշաիայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի կարգ մը եկեղեցիներուն եւ սրբատեղիներուն մէջ արձանագրուած սրբապղծութիւնները` ընդգծելով, որ այդ արարքներուն նպատակն է լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել: Ան շեշտեց սակայն, որ լիբանանցիները զգաստ են այս առումով եւ վերոնշեալ շրջաններուն մէջ նախանձախնդիր են ազգային միասնականութեան պահպանումին:

Նախորդը

ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԴԻՄԱԴՐԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.