Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

April 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARCH2216-(510)-copy

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշակոթող` ՀԿՄ-ի Զալքայի շեփորախումբին եւ Ս. Մեսրոպի արիներուն առաջնորդութեամբ:

Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով  արտասանեց Շաղիկ Պելիքերեքեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի սեմին թուրքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ իր վայրագ դիմագիծը, սակայն պատմութիւնը հաստատած է, որ ան չէ յաջողած հարուածել հայութեան: Արդարեւ, դիտել տուաւ ան, հայութիւնը անգամ մը եւս համախմբուած է վերանորոգելու իր ուխտը` խոստանալով հաստատ եւ տոկուն քայլերով շարունակել մեր պահանջատիրական երթը ամենայն վճռականութեամբ:

Հայերէն լեզուով խօսք առաւ Սիպելլա Մալեան-Փաջանեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը, միեւնոյն բարբարոսութիւններ գործողը` դիտել տալով, որ եթէ 100 տարի առաջ Կիլիկիոյ տարածքին ապրող հայութիւնը ենթարկուած էր ահաւոր սպանդի, ներկայիս Արցախի մէջ միեւնոյն մղձաւանջը կ’ապրի հայութիւնը, սակայն այս անգամ տարբեր տարողութեամբ եւ տարազով: Սիպելլա Մալեան-Փաջանեան նշեց, որ պատմութեան ընթացքին հայութիւնը ոչ ոքի իրաւունքը խլած է, սակայն երբ ուրիշը փորձած է իր իրաւունքները խլել, հայութիւնը վերածուած է մէկ բռունցքի եւ նետուած է պայքարի դաշտ` միաւորուելով հայրենիքի մէջ ու սփիւռքի:

Գեղարուեստական բաժինով քանի մը երգ ներկայացուց «Կռունկ» երգչախումբը:

ARCH2216-(440)-copyARCH2216-(208)-copyԱպա արաբերէնով խօսք առաւ Պէյրութի Սաժէս համալսարանի Քաղաքակրթութեան բաժանմունքի տնօրէն գերապայծառ Քամիլ Մուպարաք, որ ըսաւ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու երիտասարդ թուրքերը, որոնք ահաւոր ու անմարդկային պայքար մղեցին հայերուն եւ քրիստոնեաներուն դէմ, չկրցան հարուածել հայ ժողովուրդին ազգային ոգին, որովհետեւ հայութիւնը կառչած մնաց իր լեզուին եւ ազգային արժէքներուն, 100 տարի գոյատեւեց իր հայրենիքէն դուրս: Գերապայծառը դիտել տուաւ, որ թուրքերը միշտ ալ փորձած են բնաջնջել ամէն ինչ որ հայկական է, սակայն չարաչար ձախողած են, որովհետեւ հայութիւնը տէրը կանգնեցաւ իր իրաւունքներուն, ժառանգութեան եւ այս բոլորը փոխանցեց սերունդէ-սերունդ: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ, թէեւ այսօր Թուրքիան աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր, սակայն անոր պատմութիւնն ու ներկան կը վկայեն, թէ ան կը սնանի անմեղներու արիւնով:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ անդրադարձաւ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի կարեւորութեան: Ապա «Կռունկ» երգչախումբը մեկնաբանեց տէրունական աղօթքը, որմէ ետք շեփորախումբին կողմէ հնչեց «Սարդարապատ» յաղթերգը:

ARCH2216-(282)-copy

 

Նախորդը

ՔԱՀԼ-ի Ծերանոցէն Խումբ Մը Տարեցներ Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան Յուշարձան Այցելեցին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.