Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԵՆԻԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ԶԳԵՍՏՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ` 5900 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

September 14, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պավել Աւետիսեան յայտնած է, որ Արենիի մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն զգեստներէն մէկը: Հագուստի մեծաքանակ մնացորդներէն առաջին  փոքրիկ կտորն իսկ ապշեցուցած է փորձառու հնագէտներուն:

Երկգոյն ծղոտով հիւսուած զգեստը այնպիսի տեսք ունի, կարծէք անիկա քարայրին մէջ երէկ ձգուած ըլլար: Օրկանական նիւթերը այստեղ բնական եղանակով զմրսուած են շատ աւելի լաւ, քան եգիպտական բուրգերուն մէջ:

Քարայրի բացառիկ ներքին կլիմայի եւ իրենց յայտնաբերած հագուստի շնորհիւ  հնագէտները շուտով կրնան միացնել գտնուած կտորները եւ ցոյց տալ, թէ անիկա պատկանած ըլլալու է ՆՔ 39-րդ դարուն որոշ չափով ունեւոր կնոջ մը:

Ըստ Աւետիսեանի, ծղոտը մաքրելու տարբեր ձեւեր կան, սակայն պէտք է ընտրել այն, որ չվնասէ զգեստին. այս մէկը կատարելու համար հնագէտները կը սպասեն եւրոպացի մասնագէտներու: Ան նաեւ նշեց, որ քննութիւնները աւարտելէ ետք հնագիտական բացառիկ արժէք ունեցող այս զգեստը պիտի փոխադրուի Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ պիտի դրուի ցուցադրութեան:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Արենիի քարայրին մէջ յայտնաբերուած էր աշխարհի հնագոյն կօշիկը, իսկ ատկէ որոշ ժամանակ ետք բացուած էին գինիի կարասներ: Քարայրի իւրայատուկ ներքին կլիմայի շնորհիւ պահպանուած հնագիտական իրերուն հետազօտութեամբ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ ճանչնալ մեր նախնիներն ու անոնց ապրելակերպը:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Յաջորդը

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԹԱՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՁԵՌՔ-ՁԵՌՔԻ» ԸՍԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.