Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Բանակի Հասունութիւնն Ու Քաղաքական Վերնախաւի Տհասութիւնը (1)

April 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ապրիլեան պատերազմէն անցած է արդէն իսկ երկու շաբաթ, բայց ժողովուրդը նոյն թափով կը շարունակէ քննարկել պատերազմի հետեւանքներն ու դասերը: Քննարկուող նիւթերը կը կեդրոնանան հետեւեալ թեմաներուն շուրջ. ի՞նչ պատճառով քառօրեայ պատերազմին նահատակուեցան շուրջ 90 զինուորներ, ինչո՞ւ հայկական բանակի զէնքերը աւելի հին են, քան` Ազրպէյճանինը, իսկ հայկական բանակի սպառազինութիւնն ու ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւնները շա՛տ աւելի հզօր եւ ազդու պիտի չըլլայի՞ն, եթէ ներքին փտախտն ու պիւտճէի մսխումները վերջ գտած ըլլային, ու երկիրը ունենար ճիշդ կառավարում…

Թէ՛ բանակի հրամանատարութիւնը եւ թէ՛ իշխանական Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարները սկսած են անդրադառնալու այս հարցերուն: Այստեղ կարելի չէ գնահատանքի խօսքեր չըսել բանակի հրամանատարութեան հասցէին, որ կարծէք անպաշտօն երկխօսութեան մտած է ժողովուրդին հետ եւ կը փորձէ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ անդրադառնալ բարձրացուած բոլոր մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն: Պատերազմի առաջին իսկ օրէն Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր գրառումներով եւ մամլոյ յայտարարութիւններով ո՛չ թէ ամէնօրեայ, այլ ամէնժամեայ դրութեամբ Հայաստանի հանրութիւնը տեղեակ պահեց ճակատներու իրավիճակին, զոհերու պատկերին եւ պատերազմի այլ մանրամասնութիւններուն մասին: Իսկ հրադադարէն ետք, երբ ժողովուրդը բարձրացուց բանակի սպառազինութեան եւ բացթողումներուն մասին բազմաթիւ մտահոգութիւններ, պաշտպանութեան նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ, մամուլի ներկայացուցիչներու հետ այլազան հանդիպումներու ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններով ու լուսաբանութիւններով անդրադարձան ժողովուրդը յուզող բոլոր խնդիրներուն եւ առանց վրդովելու` պատասխանեցին լրագրողներու ամէնէն կծու, ամէնէն նեղացուցիչ եւ ամէնէն զգայուն հարցադրումներուն:

Անոնք նաեւ շեշտեցին, թէ այս պատերազմը առիթ պիտի հանդիսանայ համապարփակ ուսումնասիրութիւններով վերլուծելու հայկական բանակի առաւելութիւնները, բոլոր թերութիւններն ու բացթողումները եւ համապատասխան քայլերով լուծումներ գտնելու անոնց: Բանակի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին անդրադառնալով հանրութեան արտայայտած մտահոգութիւններուն` «բնական» համարեց զանոնք, քանի որ Հայաստանը ունի «ազատ հասարակութիւն»:

Սա ո՛չ միայն ողջունելի է, այլեւ ցոյց կու տայ Զինուած ուժերուն կայացած ըլլալու իրողութիւնը, ինքնավստահութիւնը եւ հասունութիւնը: Կարելի է համաձայնիլ կամ տարակարծիք ըլլալ բանակի հրամանատարներու բացատրութիւններուն հետ, բայց կարելի չէ անտեսել այն փաստը, որ հասարակութեան հետ անոնց նախաձեռնած երկխօսութիւնը միայն կ՛աւելցնէ Զինուած ուժերուն հանդէպ ժողովուրդի յարգանքն ու վստահութիւնը: Եւ պատահական չէ, որ բանակէն աւելի` ժողովրդային դժգոհութիւնը կը վերաբերի քաղաքական ղեկավարութեա՛ն եւ անոր շուրջ համախմբուած միլիոնատէրերու խմբակին:

Իսկ թէ այս վերջինները ինչպէ՛ս կ՛արձագանգեն հասարակութեան բողոքին եւ մտահոգութիւններուն` այս մասին կ՛անդրադառնամ երկրէն ուղարկած յաջորդ նամակովս:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Նախորդը

Փիթըր Պալաքեան Արժանացաւ «Փուլիցըր» Մրցանակին

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ Քայլարշաւ Եւ Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.