Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ

September 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստը երէկ կոչ ուղղեց` անմիջապէս վերջ տալու Սուրիոյ մէջ արձանագրուող արիւնահեղութեան:

Նիստէն ետք Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին Սուրիոյ արիւնահեղութեան կասեցման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեցին, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի ըլլայ ներքին սուրիական եւ արաբական ջանքերով, առանց միջազգային միջամտութեան:

Նապիլ Արապի Սուրիոյ կոչ ուղղեց` «բռնարարքները դադրեցնելու եւ երկխօսութեան ձեռնարկելու»:

Արապի յայտնեց, որ «արաբ քաղաքացին հարց կու տայ, թէ Արաբական լիկան ի՞նչ ձեռքբերումներ ունի»` աւելցնելով, որ «կը ցաւիմ յայտնելու, որ լիկան արաբական տագնապները դիմակայելու անկարող է»: Ան նշեց, որ «արաբական կարգ մը կողմերը կը նախընտրեն լիկային փոխարէն միջազգային կառոյցներու դիմել»:

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման` Արապի մաղթեց, որ պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերը վերսկսին խաղաղութեան բանակցութիւններուն` աւելցնելով, որ Իսրայէլի համար արաբական կացութիւնը փոխուած է:

Հարկ է նշել, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն նիստին աւարտին եւ բանաձեւերուն յայտարարութեան զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ երկու պետութիւններու հաստատման ճամբան կ՛անցնի Երուսաղէմէն եւ Ռամալլայէն եւ ոչ թէ Նիւ Եորքէն:

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եգիպտոս իր այցելութեան ծիրին մէջ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ թուրք-արաբական պատմական, քաղաքական եւ ընկերային յարաբերութեանց  անդրադառնալէ ետք յայտնեց, որ «պէտք չէ օրինական պահանջներուն գծով ճնշենք, բիրտ ուժ կիրարկենք եւ զանոնք պահանջողներուն արիւնը հեղենք»` շեշտելով, որ բարեփոխումները պէտք չէ ուշացնել: «Մեր դիմաց դժուար երթ մը ունինք եւ պէտք է զգուշանանք զայն արգելակել փորձող կողմերէն», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիա արաբական շրջանի զարգացումները չի կրնար անտեսել»` նշելով, որ «շրջանը ներկայիս պատմական շրջդարձի մը կէտի վրայ կը գտնուի»:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «Իսրայէլ պէտք է իսկական պետութեան պէս վարուի եւ յարգէ մարդկային իրաւունքները», Իսրայէլէն պահանջելով` Կազայի շրջափակումին վերջ տալ եւ «Մաւի Մարմարա»ի դէպքին համար Թուրքիայէն ներում հայցել ու փոխհատուցում կատարել, «այլապէս` թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները պիտի չվերականգնուին եւ ամբողջովին պիտի խզուին»: Ան նշեց, որ «Իսրայէլ իր գործած ոճիրներուն գինը պէտք է վճարէ»:

Խօսելով պաղեստինեան դատին մասին` Էրտողան յայտնեց, որ  «հարկ է պաղեստինցիներուն հետ ձեռք ձեռքի ըլլանք, եւ պէտք է պաղեստինեան դրօշը ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ծածանի, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ իւրայատուկ դրօշ ծածանի»: Ան աւելցուց, որ «պաղեստինցիք պէտք է իրենց պետութիւնը հռչակելու ուղղութեամբ աշխատանք տանին»:

Էրտողան Եգիպտոս մեկնելէ առաջ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներուն դիմաց իր արտասանելիք խօսքին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին պիտի ուղղէ պատգամ մը, որ կրնայ անոր հասցէագրուած Թուրքիոյ վերջին խօսքը ըլլալ:

Ան նշած էր, որ «եթէ Դամասկոսի վարչակարգը այս պատգամին չընդառաջէ, ապա Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պիտի կորսնցնէ, որովհետեւ այդ վարչակարգը կը մօտենայ կէտի մը, ուր իր օրինականութիւնը ամբողջովին պիտի կորսնցնէ»:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Էրտողանի Գահիրէ տուած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին անոր կ՛ընկերակցէին անոր կինը` Էմինէ Էրտողանը, որդին` Պիլալը, դուստրը` Սումէյէն, ինչպէս նաեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: Էրտողանը դիմաւորելու համար փողոց դուրս եկած են եգիպտացիներ` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց ոմանց վրայ գրուած էր.«Եգիպտացի եւ թուրք ժողովուրդը մէկ ձեռք են»:

 

 

 

Նախորդը

ՔԱԿ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.