Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի Խորհրդական Նունէ Վարդանեան Կը Ներկայացնէ Հայաստանի Մէջ Համալսարանական Ուսման Կարելիութիւնները

April 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nune-2_41916

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ գոյացած համաձայնութեամբ մը, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը ստանձնած է տարեկան 20 ուսանողի Հայաստանի մէջ համալսարանական անվճար ուսումը: Այս նպատակով կազմուած է կրթական ֆոնտ մը, որ մշակած է թեկնածուներու դիմումներու ընդունման յատուկ կանոնագրութիւն:

nune-1_41916Առ այդ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին հրաւէրով երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2016-ին, մէկ շաբթուան համար Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խորհրդական Նունէ Վարդանեան, որ զեկուցական հանդիպումներու ճամբով լիբանանահայ վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն պիտի փոխանցէ ամբողջական տեղեկութիւններ` Հայաստանի մէջ գործող բոլոր համալսարաններուն, անոնց մասնագիտութիւններուն, ընդունման եւ կեցութեան պայմաններուն մասին: Նոյն առիթով, ֆոնտին ներկայացուցիչները պիտի ներկայացնեն իրենց կանոնագրութիւնը, որուն հիմամբ աշակերտներ 2016-2017 կրթական տարեշրջանէն սկսեալ առիթը պիտի ունենան համալսարանական իրենց անվճար կրթութիւնը ստանալու մայր հայրենիքի մէջ:

Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ` երեքշաբթի, 19 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Նունէ Վարդանեան պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնն ու աշխատանքային ճիւղաւորումները: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Վարդանեան ուղղուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարան, ուր մօտէն ծանօթացաւ շէնքի արդիական կառոյցին:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Նունէ Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ ուսումնական եւ կրթական խորհուրդներուն հետ: Հանդիպումին նպատակն էր տնօրէններուն մօտէն ծանօթացնել կրթական համակարգը, որպէսզի անոնք իրենց վարժարաններու աշակերտներուն կարենան ճշգրիտ բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ խորհուրդներ տալ Հայաստանի կրթական համակարգին մասին` օգտակար հանդիսանալով անոնց` ընտրելու իրենց նախասիրած մասնագիտութիւնը:

Կրթական  ֆոնտի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ վերջին տարիներուն նկատառելիօրէն պակսած է հայ աշակերտներու թիւը, որոնք ցանկութիւն ունին Հայաստանի մէջ ստանալու իրենց բարձրագոյն ուսումը, եւ այս երեւոյթը Հայաստանի անկախացումէն ետք բաւական ակնյայտ դարձաւ: Ան նկատել տուաւ, որ պատճառներէն մէկը այն է, որ երբ հարցը կը վերաբերի հայ աշակերտներու արեւելումին, իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու իմաստով, անոնք անտեղեակ են եւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կան Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսման իմաստով: Տոքթ. Թաշճեան յայտնեց, որ իբրեւ խթան Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնած այս քայլին եւ իբրեւ քաջալերական երեւոյթ հաստատուած է կրթանպաստի ֆոնտ մը, որուն ճամբով որոշակի թիւով ուսանողներու կրթաթոշակի ծախսերը պիտի հոգայ Ազգային առաջնորդարանը: Առ այդ, պէտք էր ծանօթացնել Հայաստանի մէջ ուսման կարելիութիւնները: Որպէսզի աշխատանքը ճիշդ  հունի մէջ դրուի, Ազգային առաջնորդարանը դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` գործակցութեան փափաք յայտնելով: Երկու կողմերուն համաձայնութենէն ետք կապ հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խորհրդական Նունէ Վարդանեանի հետ, որ այս առիթով հրաւիրուեցաւ Լիբանան: Տոքթ. Թաշճեան անդրադառնալով ֆոնտի աշխատանքներուն նկատել տուաւ, որ երբ ամէն բան բիւրեղանայ` պիտի տեղեկացնեն վարժարաններու տնօրէններուն, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարուին դիմումները կրթանպաստ ստանալու համար:

Այնուհետեւ Նունէ Վարդանեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող պետական եւ ոչ պետական համալսարանները, որոնց վկայականները վաւերացուած են սփիւռքի տարածքին: Ան անդրադարձաւ նաեւ գործադրուող կրթական համակարգին, մանրամասնօրէն ներկայացուց անոր ունեցած կարելիութիւնները, մասնագիտութիւնները, նաեւ համալսարան յաճախելու պայմանները եւ ուսանողներէն պահանջուած փաստաթուղթերը:

Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու Նունէ Վարդանեանին:

 

Նախորդը

Կենաց Ծառը` Այսօր

Յաջորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեանի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի Կենսագրական Գիծերը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.