Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԳՕԳՕ ՔԵԼԵՇԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓԱՅԼՈՒՆ «ԱՍՏՂ»Ը

September 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կիլիկիա» պարախումբի ղեկավար եւ պարուսոյց, 1989թ-էն Լիբանանի Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտ եւ 1992 թուին «Քնար» պարախումբի մենակատար, հայրենի արուեստի մասնագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ,  լիբանանահայ արուեստագէտ Գօգօ Քելեշեանի նուաճումները պարարուեստի աշխարհին մէջ անհամար են: Փայլող «աստղ» Պաալպեքի, Ժիպէյլի, Պէյթէտտինի միջազգային փառատօներուն, նաեւ «Ռահպանի» (հիմնադրուած` հռչակաւոր Ռահպանի եղբայրներու կողմէ) երգ ու պարի խումբին հետ շրջած է ամբողջ արաբական աշխարհն ու Միջին Արեւելքը` 2004 թուականէն սկսեալ,  2005 թուականին, գլխաւոր մենակատարը պարային տեսարաններու մէջ` Սապպաղ եղբայրներու կողմէ բեմադրուած «Չէ Կեւարա» երաժշտախառն թատրոնին` Գօգօ Քելեշեան ելոյթ ունեցած է, արբանեակային հեռասփռմամբ, LBC, NBC, FUTURE, եւ այլ հեռատեսիլի կայաններու զանազան ծրագիրներէն:

2005 թուականին «Կիլիկիա» պարախումբը հիմնադրուած է եւ անոր ընդմէջէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ զանազան հանդիսութիւններու, արուեստի թէ ազգային ուրախ իրադարձութիւններու մէջ, նաեւ, ուսումնասիրելով արաբ թէ օտար, կովկասեան պարերն ու աւանդութիւնները զանազան բեմերէն ներկայացնելով զանոնք, արժանանալով բոլորին հիացմունքին եւ գնահատանքին: Վրացական «Սուքիշվիլլի» պարարուեստի դպրոցի հանրաճանաչ ղեկավարներ Նինօ եւ Իլիքօ Սուքիշվիլլիները` Գօգօ Քելեշեանը պարգեւատրած են յատուկ վկայականով` որպէս կովկասեան ժողովուրդներու պարարուեստը ներկայացնող «դեսպան»:

«Նպատակս է հայկական պարը ուրիշ մակարդակի վրայ բարձրացնել` տարբեր տեսակի ժողովրդային ու հայկական պարարուեստի դպրոցները կապակցելով: Պէտք է հայկական պարը միշտ վերելքի վրայ պահել, որովհետեւ ազգի ինքնութիւնը կը ներկայացնէ: Պէտք է այս առիթով յիշել հայ պարարուեստի դպրոցի լաւագոյն մենակատարներ Ռուդիկ Կոջոյեանն ու Ռաշիտ Կարապետեանը, որոնք Խ. Միութեան օրօք կարողացան պարարուեստի միջոցով հայ ժողովուրդը ներկայացնել ամէնուրեք», պատմեց Գօգօ Քելեշեան:

Նորանոր ծրագիրներ` յաջողութեան եւ նուաճումներու իրագործման ճանապարհին, ակամայ հրաժեշտ կու տանք Լիբանանի պարարուեստի աշխարհի փայլուն «աստղ»ին դարձեալ հանդիպելու ակնկալիքով:

Հ. ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ

 

Նախորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. 1915-Ը ԴԷՊԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ – ՓՈԽՈՒԱԾՆ ՈՒ ԱՆՓՈՓՈԽԸ

Յաջորդը

ԶԵԿՈՅՑ` ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.