Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. 1915-Ը ԴԷՊԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ – ՓՈԽՈՒԱԾՆ ՈՒ ԱՆՓՈՓՈԽԸ

September 14, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան բարեփոխութեան մէ՞ջ է, թէ՞ ոչ: Եկէք` հասկնալու աշխատինք այս բարեփոխութեան խորքն ու տարողութիւնը` քննարկելով վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած զարգացումները «փոքրամասնութիւններու հարցին» կապակցութեամբ:

1915-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ

Անցնող օրերուն մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրահանգ-շրջաբերական մը յղեց աշխարհի բոլոր թրքական դեսպանատուներուն, «Խիստ գաղտնի» աստիճանակարգով. իսկ նիւթը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպաններուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ 2015-ի կապակցութեամբ հայկական սփիւռքին ծրագրած պատրաստութիւններուն վրայ: Այլ գործունէութիւններու կողքին, սփիւռքը որոշեր է «1915-ի դէպքերուն» հարիւրամեակին առթիւ մեծ արշաւի մը ձեռնարկել` գիրքի վերածելով Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Իտալիոյ պետական արխիւները: Արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջն է, որ դեսպանները սփիւռքի հայերուն հետ մտերիմ յարաբերութեան մէջ մտնելով` արգելակեն անոնց այս մտադրութիւնը: Թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ միջոցներով պիտի արգելակեն, բնական է, այս շրջաբերականէն անկարելի է հասկնալ…

ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԽԱՐԻՍԽԻՆ ԴԱՏԸ

Երբ թուրք դեսպանները խոր մտմտուքներու մէջ թաղուած էին, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործադրէին նախարարութենէն եկած հրահանգը, անդին` Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատ մը հետաքրքրական զարգացումներ կ՛ունենար: Ալեքս Պագալեան Թուրքիոյ դէմ բացած դատին մէջ կը պնդէ, թէ 1915-ին իր ընտանիքէն բռնագրաւուած հողամասին վրայ կը գտնուի Ինճիրլիքի խարիսխին մէկ մասը, որուն համար կը պահանջէ 65 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում: Հետաքրքրականը այն է, որ դատարանը ընդունած է փաստարկները դատը բացողին եւ դատի կանչուողին (տեսնել Alex Bakalian et. al vs. Republic of Turkey, case # 2.10 – cv – 09596, Document 45):

Օգոստոս 2-ի իր սկզբնական որոշումին մէջ Քալիֆորնիոյ դատարանը կը բաւարարուի` ըսելով, որ դատ բացող կողմը բաւարարաչափ աշխատանք տարած է, որպէսզի հակառակորդ կողմը իրազեկ դառնայ կացութենէն եւ, այսպիսով, դատը կը մտնէ նոր հանգրուան մը: Հոս, դատի կանչուողներն են` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Կեդրոնական դրամատունը եւ «Զիրաաթ» դրամատունը: Այս դատը միեւնոյն ժամանակ օրինակ ծառայելու բնոյթ ունի. եթէ շահուի, ուրիշներ պիտի յաջորդեն: Ի միջի այլոց, որոշումին տրուած թուականին դրութեամբ Թուրքիան դատարանին մէջ փաստաբանի մը կողմէ չէր ներկայացուած:

ՉԿԱՐԵՆԱԼ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԿԱՂԱՊԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷ

Վերը տրուած երկու օրինակները ցոյց կու տան, որ կարգ մը կաղապարուած բաներ անկարելի է, որ փոխուին Թուրքիոյ մէջ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մինչ դեսպանները կը հրաւիրէ «վերացական եւ սահմանները անորոշ» հարցով զբաղելու, անդին` կործանարար հետեւանքի հաւանականութեամբ դատ մը արժանի նկատողութեան չ՛առնուիր: Ահաւասիկ ա՛յս է հարիւր տարիէ ի վեր Թուրքիոյ վարած ջայլամի քաղաքականութիւնը: Ահմեթ Տաւութօղլուն Թուրքիոյ «արտաքին քաղաքականութիւնը» արմատապէս փոփոխութեան ենթարկեց` պաշտպանելով «դրացիներուն հետ զերօ խնդիր» կարգախօսը, սակայն երբ «փոքրամասնութիւններու վերաբերող» հարց մը օրակարգի գայ, անկարելի կ՛ըլլայ դուրս գալ այդ կաղապարեալ դրոյթներէն:

Փոքր տիեզերքը (microcosmos) Թուրքիոյ «փոքրամասնութիւններու հարցն» է, այս երկիրը լաւապէս հասկնալու համար տեսակ մը «փոքր տիեզերք» կը հրամցուի: Նայելով այս «փոքր տիեզերքին»` կրնաք հասկնալ, թէ ի՛նչը ինչ կը ներկայացնէ եւ կամ ի՛նչը որքան փոխուած է:

Սխալ չհասկցուի. ես չեմ նսեմացներ փոքրամասնութիւններուն ի նպաստ եղած բարեփոխումները: Օրինակ, փոքրամասնութեանց հիմնարկներուն պատկանող կալուածները վերադարձնելու ուղղութեամբ որոշուած օրինական փոփոխութիւնները իբրեւ յեղաշրջում կը նկատեմ:

Եթէ վերյիշելու ըլլանք, 2008-ին փոքրամասնութիւններու պատկանող հիմնարկներու վերաբերեալ օրինական փոփոխութիւններու առաջարկ մը (ներկայինէն շատ աւելի նախնական) պատրաստուած էր, եւ եթէ դարձեալ վերյիշենք, որ այս առաջարկը կասեցնելու նպատակով Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը դիմած էր նոյնիսկ Սահմանադրական դատարան, այն ատեն աւելի յստակ կը դառնայ, որ «պահպանողական» այս կառավարութեան` փոքրամասնութիւններուն երկարած բարեկամական ձեռքը բնաւ ստորագնահատելու չէ: Եթէ երբեք Թուրքիոյ ոչ իսլամ քաղաքացիները հանրապետական շրջանի իրենց ամէնէն խաղաղ կեանքը կ՛ապրին «կրօնամէտներուն» իշխանութեան ժամանակաշրջանին, վստահաբար այս կացութիւնը տարբեր պատուհան մը բացած կ՛ըլլայ Թուրքիան լաւապէս հասկնալու համար:

Սակայն երբ նկատի ունենանք հարցերուն տարողութիւնն ու կաղապարեալ մտայնութեանց թանձրացումը, կառավարութեան նետած քայլերը շատ ճղճիմ կը մնան, դժբախտաբար: Օրինակ, պատրաստ էք վերադարձնելու փոքրամասնութիւններու կալուածները, բայց այդ վերադարձուելիքները ստանձնող փոքրամասնութիւններ չեն մնացած հրապարակի վրայ… եւ կամ` հիմնարկներուն կ՛ուզէք վերադարձնել իրենց կալուածները, բայց այդ հիմնարկներուն մէկ մասը կորսնցուցեր է իր գոյութեան իրաւունքը, որովհետեւ զանոնք ղեկավարող բաւարար խնամակալ չէ մնացած…

Շնորհիւ այս կառավարութեան` փոքրամասնութիւնները ոչնչացնելու միտող պետական հին քաղաքականութիւնը թերեւս վերջ գտած է, սակայն հարցերուն արմատները իջնող խորաթափանց տեսադաշտ մը չէ զարգացած տակաւին: Պետական գլխաւոր կաղապարները չքանդուեցան: Ինչպէս ամէն տարի, Թուրքիան իր ամբողջ հեղինակութիւնը մէջտեղ կը դնէ, որպէսզի արգիլէ ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ վաւերացումը Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին: Ինչպէս վերը յիշեցի, կացութիւնը փրկելու միտումով շրջաբերականներ կը յղէ դեսպանատուներուն: Ինքզինք չկրցաւ ազատել հակազդեցողական դիրքորոշումէն, փոխանակ որդեգրելու նախաձեռնողական գործելաոճ մը: Տակաւին մինչեւ այսօր չի կրնար փոքրամասնութեանց հարցերուն արմատները իջնելով` քննարկել եւ լուծումներ բերել անոնց: Այդ լայնախոհ մտածելակերպի մակարդակին չկրցանք հասնիլ տակաւին…:

ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

«Ռատիքալ»
2-9-11

Հայացուց` Գ. Կ.

Նախորդը

ՀԱՅ ԱՊՕՐԻՆԻ ԳԱՂԹԱԾՆԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԷԿ ԿՈՂՄ ԿԸ ԴՆԵՆ

Յաջորդը

ԳՕԳՕ ՔԵԼԵՇԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՓԱՅԼՈՒՆ «ԱՍՏՂ»Ը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.