Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Հետախուզական Արշաւ

April 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

homenetmen-(4)_410

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին, կազմակերպած էր գայլիկ եւ արծուիկ ճիւղերու յատուկ հետախուզական արշաւ մը Լիբանանի Մեթըն շրջանի վանքերէն` Տիք Մըհտիի Տէյր Թամիշի վանքէն դէպի Պէյթ Շաար հանրային պարտէզ:

Այս յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 8 տարիքը ամբողջացնող աւելի քան 175 գայլիկ-արծուիկներ, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերը:

Հետախուզական արշաւին նպատակն էր ստեղծել  ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին տարբեր մասնաճիւղերու գայլիկներն ու արծուիկները, զարգացնել անոնց մօտ վեցեակային դրութիւնն ու հետախուզական արշաւի օրէնքներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել Լիբանանի վայրերէն նոր շրջանի մը:

homenetmen-(1)_410

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին խանդավառ գայլիկներն ու արծուիկները հաւաքուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուրկէ ուղղուեցան Տիք Մըհտիի Տէյր Թամիշ վանքը: Հոն, միջմասնաճիւղային վեցեակներու բաժնուելէ ետք, ուր ամէն վեցեակի համար նշանակուեցաւ նոր պատասխանատու մը, այցելեցին Տէյր Թամիշի վանքն ու եկեղեցին: Գայլիկ-արծուիկները ծանօթացան վանքի տնօրէն` հայր Ժոզէֆին, որ ներկայացուց վանքին պատմութիւնը, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտութեան անունով հայր Ժոզէֆին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, իր կարգին, հայր Ժոզէֆ նուիրեց սրբանկար մը: Ապա վեցեակները անցան հետախուզական արշաւի գործադրութեան:

homenetmen-(3)_410homenetmen-(2)_410Անոնք արշաւեցին հետեւելով նախօրօք խմբապետներուն կողմէ տեղադրուած հետախուզական նշաններուն, հասան մինչեւ Պէյթ Շաարի հանրային պարտէզը, ճամբուն ընթացքին գտան պահուած նամակները ու պատասխանեցին նամակներուն մէջ տեղ գտած զանազան  (սկաուտական, ազգային, պատմական, գիտական եւ թուաբանական) հարցումներուն եւ պատրաստեցին իրենցմէ պահանջուած ձեռայինները` գործածելով ճամբուն վրայ հաւաքած զանազան իրեր ու բոյսեր:

Յայտագիրին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Շրջանային խորհուրդը, ինչպէս նաեւ յայտագիրի ընթացքին այցելեցին մասնաճիւղերու խորհուրդները: Աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտութեան ներկայացուցիչներ նաեւ այցելեցին Պէյթ Շաար քաղաքապետարան, շնորհակալութիւն յայտնեցին ու այս առթիւ յուշանուէր մը յանձնեցին:

Հետախուզական արշաւի աւարտին գայլիկներն ու արծուիկները միասին հաւաքուեցան Տէյր Թամիշի փակին հսկայ ծառին տակ, հանգչեցան անոր շուքին տակ,  միասին ճաշեցին ու ստացան հարցումներուն ճիշդ պատասխանները: Բոլոր գայլիկներն ու արծուիկները շատ ուրախ եւ հաճելի յիշատակներով վերադարձան իրենց ակումբները:

Նախորդը

«Դէպի Ակունք-Գ.» Խորագիրով Պատանիներու Ձիրքերու Բացայայտման Ձեռնարկ

Յաջորդը

Ամենաշատը Չորս Օր (Կամ Էլ` Ոմանց Համար Քառօրեայ Մի Բան)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.