Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Եւ Ներքին Թշնամիներուն Դէմ

April 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Արտաքին վտանգը միաւորեց ազգը` Հայաստանէն-սփիւռք: 10 միլիոն հաշուող հայութիւնը վերածուեցաւ մէկ բռունցքի` դէմ դնելու համար Ազրպէյճանի հայատեաց մոլուցքին: Թշնամին չհասաւ իր նպատակին, բայց իր այս ձախողութիւնը չի նշանակեր, որ ան պիտի հրաժարի անկէ: Անոր շղթայազերծած պատերազմական արկածախնդրութիւնը թերեւս աւելի մեծ գրոհի մը  նախապատրաստութեան առաջին փուլն էր, հետազօտութեան փորձ մը` չափելու համար զինուորական մեր, միաժամանակ իր ուժին կարողականութիւնը, հայկական բանակին բարոյական կորովը եւ հայութեան դիմադրականութիւնը: Ենթադրելի է զարմանքը Ալիեւին ու իր վարչախումբին` իրենց  դէմ տեսնելով ամբողջ ժողովուրդ մը, որ երգով ու պարով կ՛ուղղուէր դէպի կռուի դաշտ:

Հաւանական է, որ Ալիեւ կրկնէ իր արկածախնդրութիւնը, քանի որ թիկունքին ունի նեցուկն ու քաջալերանքը զինակից Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի վրայ վերահսկողին` Ռուսիոյ հանդուրժողականութիւնը կը վայելէ: Դժուար է հաւատալ, որ Ռուսիան տեղեկացուած չէր անոր առնուելիք վտանգաւոր քայլին մասին: Այդ հանդուրժողականութիւնը կարելի է բացատրել տնտեսական  ու ռազմաքաղաքական վարկածներով: Զէնքի գնորդ մըն է Ազրպէյճանը, մեծ յաճախորդ մը, որ  իր գնած յարձակողական զինատեսակները փորձարկելու «իրաւունքը» պէտք է ստանայ, որպէսզի գնումի նոր ապսպրանք պատրաստէ… Սա տնտեսական-շուկայական հաշիւն է: Միւսը` ռազմաքաղաքականը այն է, որ պատերազմի խլած զոհերուն ու պատճառած աւերներուն ստեղծած խուճապին մէջ, պատերազմող կողմերէն դիւրին, թերեւս նաեւ որպէս «բարիք» կրնայ ընկալուիլ, եթէ Ռուսիա իբրեւ հրատապ խնդիր սեղանին բերէ «խաղաղապահ»-ի անուան տակ զինուորական ուժեր տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ: Այդ ուժերը անգոյ «խաղաղութիւնը» չէ, որ պիտի պահեն, այլ  հոն պիտի հաստատուին եւ իրենց ուզած «խաղաղութիւնը» պիտի պարտադրեն: Նման հաւանականութիւն մը նպաստաւոր չէ ղարաբաղեան դատին, եւ ի զուր կ՛ըլլայ արիւնով շահուած մեր յաղթանակը, որովհետեւ այդ պարագային ղարաբաղեան խնդիրը միջազգային հանրութենէն պիտի անցնի Ռուսիոյ ձեռքը, որով եւ ան պիտի դառնայ միակ տէրը այդ «խաղաքարտ»-ին: Ահա ինչո՛ւ է ենթադրութիւնը, թէ յարձակումին համար Փութինի կանաչ լոյսը ապահոված պէտք է ըլլայ Ազրպէյճան:

Եթէ իսկապէ՛ս աշխարհի «տէրերը»  (Միացեալ Նահանգներ ու Ռուսիա) չէին տեղեկացուած յարձակումի մասին եւ անոնք ալ անակնկալի առջեւ գտնուեցան, ապա ուրեմն կը նշանակէ, թէ անկանխատեսելի ու վտանգաւոր մարդ մըն է Ալիեւ, որով եւ երկար պիտի չթողուն, որ դիմանայ իր պաշտօնին վրայ: Կամ ալ կը նշանակէ, թէ ռազմաքաղաքական հարցերու մէջ անգրագէտ մըն է ան եւ այդ պատճառով է, որ կը հանդուրժուի: Մօտաւոր ապագան ցոյց կու տայ…

Մինչ այդ, սակայն, հայ ազգի ցուցաբերած միասնութիւնը եւ համահայկական վճռակամութիւնը առիթ է, որ ուղղուին ներքին ճակատ` ներքին վտանգը չէզոքացնելու կամքով: Ձերբազատուելու համար ազգին տզրուկներէն, որոնք առաջին օրերէն պետութեան հետ սերտաճած` ոչ միայն սեփականացուցին երկրին հարստութիւնը, այլ միաժամանակ, ինչ որ ահաւորն է, իրենց վարքով արժեզրկեցին ազգին ու հայրենիքին կապող անկախութեան, արդարութեան թէ իրաւունքի հասկացութեանց առնչուող ամէն գաղափար ու սկզբունք: Հոգիներու մէջ երազ չձգեցին, որուն պատճառով ալ աստանդական դարձաւ հայրենի բնակչութիւնը: Անոնք հաշուի չառին նոյնիսկ, որ ազգը պատերազմի մէջ է քսանհինգ տարիէ ի վեր: Հայրենի բնակչութիւնը հիասթափուած, յուսահատ ու անզօր, չկարողանալով  յեղաշրջել կացութիւնը,   լուծումը գտաւ փախուստի մէջ` արտագաղթ: Անհնարիութեան պարագային` հոգիով արտագաղթ:  Իսկ սփիւռքահայութիւնը անցնող տարիներուն իր լռութեամբ… ականջ խլացուց եւ տարին մէկ-երկու անգամ հանգանակութեանց մասնակցելով`  բարեգթութիւնը կամ բարեգործութիւնը փոխակերպած եղաւ «հայրենասիրութեան»:

Արտաքին վտանգը վերակենդանացուց հայու հոգեկերտուածքին որակական յատկութիւնները, որոնք մեր ազգը պահած են դարերու երկայնքին` նոյնիսկ ամենադժխեմ պայմաններու մէջ: Ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ վերաշխուժացած յատկութիւնները կրկին անթեղուին-մարին: Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին մէջ անշուշտ որ կան նաեւ առողջ ու ողջմիտ տարրեր, որոնք անպայմա՛ն կը տեսնեն, որ ներքին չարիքը մնայուն աւեր կը գործէ, մինչ արտաքին վտանգին դէմ պաշտպանուելու համար նախապատրաստուելու  հնարաւորութիւնը կայ: Անյոյս է փորձը, որ այդ ցեցերը մեղայի պիտի գան ու մէկ օրէն միւսը պիտի ազնուանան կամ օրէնսդրութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ զսպել-չէզոքացնել զանոնք պետական համակարգի մը մէջ, որ իրենց ձեռքն է, նոյնինքն իրենք են սիստեմը:

Յուսանք սակայն, որ կը գտնուին չորսօրեայ պատերազմին ստեղծած ազգի միասնութիւնն ու համահայկական վճռակամութիւնը դէպի ներքին ճակատ հունաւորող ղեկավարներ, որպէսզի Հայաստանէն սկսի ժողովրդային ճնշումը, ծաւալի ու համազգային բնոյթ առնէ անիկա` երկրին մէջ հաստատելու համար օրէնքի, իրաւունքի ու արդարութեան գերակայութիւնը եւ վերջակէտ դնելու բոլոր տեսակի շահագործումներուն:

Այլապէս` ափսոս պիտի ըլլայ: Հայրենի բնակչութիւնը արժանի է իրաւական պետութեան մը: Իր արժանաւորութիւնը անգամ մը եւս փաստեց նորերս, նոյնիսկ` կենաց-մահու վտանգին դիմաց:

 

 

Նախորդը

Հայրենահանումէն Ետք «Հայոց Ազգային Հարց»-ի Ճիշդ Ուղիին Մասին

Յաջորդը

«Շուշի» Թատերախումբը Ներկայացուց «Իմ Անուշ Հայրենիք» Կատակերգութիւնը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.