Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան. «Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Փաստաթուղթը Ամբողջութեամբ Կ՛աղաւաղէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Էութիւնը»

April 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

akpn_41716

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Պոլսոյ վեհաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրդումով տեղ գտած ձեւակերպումները ամբողջութեամբ կ՛աղաւաղեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի էութիւնը, որ արդիւնք է Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը զինուորական եղանակով ճնշելու քաղաքականութեան: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

«Տուեալ ձեւակերպումներով կը մերժուի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ յարգանքը, որ կը հանդիսանայ նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նպատակներէն մէկը եւ որուն հիման վրայ ձեւաւորուած է այդ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու մեծամասնութիւնը», արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, ի պատասխան «Նիւզ»-ի հարցումին ըսած է Քոչարեան` շարունակելով. «Իրական յարձակող Ազրպէյճանը կը ներկայացուի իբրեւ զոհ, ինչ որ կը նկատուի աջակցութիւն` Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներու նոր ալիք ծաւալելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կրօնական երանգ հաղորդելու իր ջանքերուն»:

«Տարակուսանք կը յառաջացնէ, որ ինքնորոշուած ժողովուրդի դէմ ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ձեռագիրով պայքարող Ազրպէյճանը եւ շրջանին մէջ անկայունութեան, ահաբեկչութեան եւ արիւնահեղութեան ալիք տարածող Թուրքիան կրցան իրենց` միջազգային եւ միջնորդ երկիրներու ջանքերուն հակադիր սադրիչ մօտեցումները անգամ մը եւս ներառել Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան փաստաթուղթերուն մէջ»,  ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Չեխ Երեսփոխանը

Յաջորդը

Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացնեն Երկու Երեսփոխաններ` Ժիրայր Ռէյիսեան Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.