
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատրաստ է ջնջելու Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, եթէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ Մինսքի համաձայնութիւններուն բոլոր կէտերը կատարուին:
«Ես կրկնած եմ նախագահ Օպամայի խոստումները, որ պատժամիջոցները պիտի վերցուին, եթէ Մինսքի համաձայնութիւններուն բոլոր կէտերը կատարուին, ներառեալ` բոլոր զօրքերուն հեռացումը եւ ուքրանական սահմանի գերիշխանութեան վերադարձը», ըսած է Քերրի:
Ըստ անոր, վերջին տարիներուն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ տարակարծութիւններ եղած են, սակայն առարկայական քննարկումներ, ինչպէս` տեղի ունեցած քննարկումները, դրական արդիւնքներու կը յանգեցնեն:
«Միշտ պէտք է ջանքեր գործադրել, որպէսզի փորձենք եւ հասնինք յառաջընթացի», նշած է Քերրի:


