Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութեան 90-Ամեակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

April 15, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_8708-copy

Իր հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը խթման գիշերը` 26 մարտին, կազմակերպեց ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ճէյն Այանեաններուն, ներկայութեամբ շուրջ 200 հայրենակիցներու եւ հիւրերու:

Երեկոյթին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Բարսեղ Գույումճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ միութեան հիմնադրութեան, անոր գործունէութեան եւ հետապնդած նպատակներուն:

Ապա վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Սեֆերեան փաուըրփոյնթի վրայ ներկաները ծանօթացուց միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն:

Անկէ ետք  վարչութեան գանձապահ Շանթ Օհանեան բեմ հրաւիրեց փոխատենապետ Սարգիս Սեֆերեանն ու ատենադպիր Լեւոն Ճերմակեանը, որպէսզի պրոնզեայ գնահատագիրներ յանձնեն այն անձերուն, որոնք 1990 թուականին` լիբանանեան յետպատերազմեան շրջանին, ընկերակցութեան վարչութիւնը վերականգնեցին: Պարգեւատրուեցան` Գույումճեան Բարսեղ, Տիւնիայեան Յակոբ, Ճումպուշեան Յակոբ, Մարգարեան Յովիկ, Ճռճրեան Տիգրան, Էմմեան Կարպիս, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կարապետ Այանեան եւ որդիք հաստատութեան ու Կարապետ Գույումճեանին` իրենց նիւթական աջակցութեան համար` վարչութեան վերականգնման ժամանակաշրջանին:

Ճաշկերոյթի աւարտին բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցաւ այս առիթով հրատարակուած եւ Լեւոն Ճերմակեանի կողմէ խմբագրուած «Կեսարիա, Նոր Կեսարիա եւ ժառանգորդներ արձագանգ 2» գիրքը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է պատմականին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արմաւիր քաղաքին մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող Նոր Կեսարիոյ: Գիրքին նպատակն է նոր սերունդին փոխանցել պատմական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` անոնց գիտակցութեան մէջ վառ պահել ազգային գիտակցութիւնը. հոն տեղ տրուած է նաեւ երիտասարդ սերունդի կեսարացիներու նկարներուն ու ամփոփ կենսագրականներուն:

Երեկոն ճոխացուցին Հրաչ Կայծակեանն ու Շաքէ Պաղտասարեանը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին եւ իր նուագախումբին, ինչպէս նաեւ` ջութակահար Ռիթա Աստիկեանը:

Ճաշկերոյթին ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնց համար վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլորին:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)

Յաջորդը

Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Մայրավանք Եւ Հանդիպում Ունեցան Վեհափառ Հայրապետին Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.