Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն – Վերնախաւին Զգաստանալու Պահը

April 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

«Բոլոր մեծահարուստները պէտք է հասկանան, որ իրենց ունեցածը կարող է զրոյի վերածուել, եթէ հայրենիքը չպաշտպանուի: Այսօր մենք տեսնում ենք, որ հայրենիքը առաջնագծում պաշտպանում են հիմնականում անապահով խաւերի ներկայացուցիչները, զաւակները: Սա բոլորի համար պէտք է դաս լինի, ահազանգ լինի հէնց այդ անձանց համար, որ ամէն մի լուման պէտք է ուղղել բանակի պաշտպանունակութեան բարձրացմանը: Սերունդների կեանքն ապահովւում է ոչ թէ դիզուած հարստութեամբ, այլ` պաշտպանութեամբ: Եթէ մտածում են, որ այդ հարստութիւնը դիզելով` սերունդէ սերունդ փոխանցելու են, չարաչա՛ր սխալւում են: Սերունդների կեանքն ապահովւում է հայրենիքը պաշտպանելով»: Այս խօսքերը կը պատկանին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին եւ կ՛արտայայտեն Հայաստանի ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան տեսակէտը: Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք, համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ, մամուլի մէջ եւ գրեթէ ամէն անկիւն նո՛յն խօսակցութիւնն է, նո՛յն հարցադրումները, նո՛յն բողոքը… Ինչո՞ւ հայկական բանակը չէ սպառազինուած գերարդիական զէնքերով: Ինչպէ՞ս անհատ քաղաքացիներ հսկայական հարստութիւն կուտակած են, իսկ պետական պիւտճէն խեղճ է եւ աղքատ: Ե՞րբ պիտի հաշուետուութեան կանչուին պետական պիւտճէն թալանողները, հարկերէն խուսափողները, մինչեւ ակռաները կոռուպցիայի` փտախտի եւ կաշառքի մէջ թաղուած պաշտօնեաները: Միթէ այս մարդոց պատճառո՞վ չէ, որ պետական պիւտճէն խեղճուկ կը մնայ եւ մեր բանակը կը զրկուի գերարդիական զէնքեր ունենալու հնարաւորութենէն:

Եթէ այս օրերուն հետեւիք համացանցի վրայ արծարծուող նիւթերուն, անմիջապէս պիտի անդրադառնաք, որ բոլոր այս մեղադրանքները ուղղուած են իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ընկերային ցանցերու վրայ կ՛երեւին նախարարներու կամ իշխանութեան բուրգին գագաթը գտնուող մերձաւոր մարդոց միլիոններ արժող ապարանքները` Երեւանի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ, կը  խօսուի անոնց «օֆշորային» հաշիւներուն, կուտակած միլիառներուն մասին եւ ի վերջոյ` կը տրուի նոյն հարցը. «Զէնքի փող չկա՞յ… բա էս միլիառները որտեղի՞ց էք բերել, ո՞նց էք կուտակել»:

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայ քաջարի զինուորը ըրաւ ամէն ինչ, նոյնիսկ` անհնարինը, եւ արժանի հակահարուած հասցուց ռուսական, թրքական եւ իսրայէլեան գերարդիական զէնքերով զինուած ազրպէյճանական բանակին: Իսկ ժողովուրդը ինքնակամ ու ինքնաբուխ` մէկ բռունցք դարձաւ ու կանգնեցաւ հայ զինուորին կողքին, եւ հիմա արդէն կը պահանջէ, որ յանուն հայկական բանակի հզօրացման, յանուն հայրենիքի զարգացման, յանուն հայրենիքի գոյութեան` այլեւս ի սպառ վերջ դրուի փտածութեան, զեղծարարութիւններուն, անարդարութեան, թալանին ու հայրենի հարստութեան կողոպուտին:

Քանի դեռ ուշ չէ, ժողովրդային այս պահանջին տէր պէտք է կանգնինք բոլո՛րս` քաղաքական բոլո՛ր ուժերը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ իւրաքանչիւր հայորդի` Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր հարթակներուն վրայ: Այս պատերազմը ինքնամաքրուելու, զգաստանալու առիթ կ՛ընձեռէ Հայաստանի այսպէս կոչուած վերնախաւին: Ինչպէս Արմէն Ռուստամեան կը նշէ. «Հայրենիքը բոլորի համար մէ՛կն է… Այս ամէնը լուրջ դեր է խաղալու, որ լուրջ վերանայումներ կատարուեն մեր ընթացքի մէջ` թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Զօրակցագիր

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ռուսիոյ Հարուածները

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.