Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

եւրոպական խորհրդարանը սկսաւ քննարկել լեռնային ղարաբաղի կացութիւնը

April 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

european-Parliament_41216

Երէկ գիշեր սկսաւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընդառաջ եւրոպացի շարք մը գործիչներ արդէն իսկ իրենց տեսակէտները ներկայացուցին շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին վերաբերեալ` կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան Լեռնային Ղարաբաղին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար իրականացնելու յստակ գործողութիւններ: Մասնաւորաբար, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակի փոխնախագահ Ֆրանսուազ Կրեսեթեթ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքայիններու զոհուելու կապակցութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին գրաւոր հարցումներ ներկայացուցած: Երեսփոխանը յանձնակատարին յորդորած է ձեռնարկելու քայլերու` զինադուլի պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ:

Այլ երեսփոխան մը` Խորտի Սեպաթիա նշած է, որ Մոկերինիին յղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հետ կապուած նամակ մը, որուն մէջ ընդգծած է Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքայիններու դէմ գործուած բռնութիւններու փաստերը: Ան յորդորած է Եւրոպական Միութեան վերջ տալու զինադուլի խախտման հարցին մէջ «կողմերուն կոչեր ուղղելէ», երբ ակնյայտ է յանցագործը:

Եւրոպական խորհրդարանի Կանաչներ – Եւրոպական ազատ դաշինքի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ – Մարիա Թերիքապրաս (Սպանիա) նիստին ընթացքին խօսք առնելով` պահանջեց Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառել Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ:

«10 դեկտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց անկախութեան հանրաքուէին: Ժողովրդավարական այս հոլովոյթին ի պատասխան Ազրպէյճանը զինուորական յարձակումի սկսաւ, որուն պատճառով շուրջ երեսուն հազար զոհ արձանագրուեցաւ: Իբրեւ արդիւնք Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուեցաւ հրադադարի համաձայնագիր: 1992-ին Մինսքի խմբակի ստեղծումը բեկումնային էր, սակայն Ազրպէյճան մերժած է զինադուլի դրութեան խախտումները արձանագրելու նպատակով հետաքննութեան մեքանիզմներու կիրարկումը:

«Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ ժողովրդավարական հիմնարկ է` օրինակելի դատական համակարգով եւ փտածութեան ցած մակարդակով: Այդ իսկ պատճառով, մենք կը պահանջենք Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառել Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթին մէջ, որովհետեւ անոնք կ’որոշեն երկրի բնակիչներուն ապագան: Զինուորական տագնապը մէկանգամընդմիշտ լուծելու նպատակով անհրաժեշտ է միջազգայնօրէն պաշտօնապէս ճանչնալ նոր անկախ պետութիւնը», ըսաւ սպանացի երեսփոխանը:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Մտահոգուած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Վերսկսման Փաստով

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամային Կոչ Ուղղած Է «Լեհիի Օրէնք»-ի Ծիրին Մէջ Պատժելու Ազրպէյճանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.