Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 13, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրօ կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը եւ զայն ամրապնդելու ընդդէմ շրջանային զարգացումները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին որոշումները պէտք է ամբողջական կերպով գործադրել եւ ոչ թէ մասնակիօրէն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի հետ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ դրամատուները պատրաստ են մնայուն կերպով օժանդակելու պետական գանձարկղին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ հինգշաբթի օր Տիմանի մէջ պիտի ընդունի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանն ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ  ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն կը հաստատէ, որ նուազագոյն աշխատավարձը մէկ միլիոն 250 հազար  լ. ոսկիի վերածելու որոշումը յանկարծակի որոշում չէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ նախարարութեան մէջ լուրջ աշխատանք կը տարուի ընտրական նոր օրէնքի մշակման առումով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի ողջունեց Ռայի պատրիարքին պատմական կեցուածքը եւ խստիւ դատապարտեց այդ կեցուածքին դէմ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակազդեցութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ երկիրը համայնքային առումով մասնատուած է` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ քաղաքական լարուածութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութեան միակ փափաքն է վերադառնալ իշխանութեան եւ վերստին տիրել Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը արտայայտած է ազգային այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան երկփեղկումը ոչ մէկ արդիւնք պիտի տայ: Ան նկատել տուաւ, որ պէտք չէ որեւէ արկածախնդրութեան ենթարկել Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ կան լիբանանեան որոշ կողմեր, որոնք կը ջանան Ռայի պատրիարքը վարկաբեկել` կոչ ուղղելով հանգիստ պահելու լիբանանեան քրիստոնէական շրջանակը:

ԱՄԱԼ շարժումը խստիւ դատապարտեց Ռայի պատրիարքին դէմ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն քննադատութիւնները` ընդգծելով, որ անոնք երբեք վարժ չեն ուրիշին կարծիքը ընդունելու:

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ճակատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Պքերքէ բոլորէն վեր է, աւելցնելով, որ ան ունի իր ազատութիւնն ու ազատ կեցուածքները եւ պէտք է յարգել պատրիարքին տեսակէտները:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ ան լաւապէս կ՛ըմբռնէ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ ամբողջ շրջանին անոնց սպառնացող վտանգը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է գրաւ դնէ կառավարութեան ձախողութեան վրայ, որքան ալ տարակարծութիւնները սուր ըլլան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւններուն դէմ ընդդիմութեան ունեցած հակազդեցութիւնները ցոյց կու տան, որ անոր դէմ յստակ արշաւ մը ընթացք առած է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը պէտք է վստահիլ կառավարութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հրաժարի քրիստոնէական հանդիպումէն, եթէ Ռայի պատրիարքը իր յայտարարած վերջին կեցուածքներուն կառչած մնայ:

 

 

 

 

Նախորդը

ԱՐՑԱԽՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԵՆ ՆԿԱՏԵՐ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.