Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան Կարեւոր Նկատած Է ՄԱԿ-ի Դերը` Շրջանին Մէջ Կայունութեան Հաստատման Իմաստով

April 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_Jeffrey_41116

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 ապրիլին ընդունած է  ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթմանը:

Հանդիպման սկիզբը զրուցակիցները քննարկած են շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Նշելով, որ Ճեֆրի Ֆելթմանի այցելութիւնը կը համընկնի այնպիսի բարդ ժամանակաշրջանի, երբ շրջանին անվտանգութիւնը կրկին վտանգուած է, նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ օրեր առաջ ստեղծուած իրավիճակը` ընդգծելով, որ 1994-ի զինադադարի հաստատումէն ետք Ազրպէյճան սանձազերծած է զինուորական գործողութիւններ` անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտելով ուժ կամ ուժի սպառնալիք չգործադրելու հիմնարար սկզբունքը:

Նախագահ Սարգսեան այս կացութեան մէջ աւելի քան երբեք կարեւոր նկատած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին` իբրեւ միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանութեան համար պատասխանատու կառոյցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի ներկայութիւնը շրջանին մէջ: Ըստ նախագահին, Ֆելթմանի Հայաստան եւ շրջանի այլ երկիրներ այցելութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ հանդիպումներու լոյսին տակ յստակ եւ ճշգրիտ պատկերացում կազմելու ստեղծուած իրավիճակին մասին:

Նշելով, որ ՄԱԿ-ը կը հանդիսանայ բացառապէս խաղաղ ուղիով ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջատագովը, Ֆելթման ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն դերակատարութիւնը` իբրեւ խաղաղ լուծման համաձայնեցուած ձեւաչափ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-ՄԱԿ համագործակցութեան: Ճեֆրի Ֆելթման նշած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ կարեւոր կը նկատեն այն դերը, զոր Հայաստան կը կատարէ կազմակերպութեան մէջ, մասնաւորաբար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ սկզբունքներուն գործադրութեան իմաստով: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխուժ կերպով ներգրաւուիլ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու գործունէութեան մէջ: Հայաստան-ՄԱԿ համագործակցութեան պարունակին մէջ կողմերը կարեւոր նկատած են նաեւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող սահմանային անցակէտերու արդիականացման ծրագիրը` իբրեւ համագործակցութեան լաւ օրինակ:

Սերժ Սարգսեան Այցելած Է
Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 11 ապրիլին այցելած է պաշտպանութեան նախարարութիւն: Նախագահին ներկայացուած է զեկուցում` հայկական բանակին կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն մասին:

Նախագահ Սարգսեան տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

 

 

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Ընկերվար Միջազգայնականի Փոխնախագահին Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Իրաւական Առանցք (Դ.)

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.