Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԵՆ ՆԿԱՏԵՐ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

September 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Իշխանեան

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի` Ղարաբաղի մասին կատարած յայտարարութիւնը պատահական չի նկատեր: Ըստ անոր, պէտք է նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղել թէ՛ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին, թէ՛ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ ծաւալած կառոյցներուն: Դաւիթ Իշխանեան ընդգծեց, որ յայտարարութեան մէջ անշուշտ անձնական տեսակէտ կար, բայց երբեմն այդ տեսակէտները պաշտօնական կը դառնան: Ան յիշեցուց 1980-ական թուականներուն լատինամերիկեան երկիրներէն ծնունդ առած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ վերոնշեալ յայտարարութեան հերքումին` Դաւիթ Իշխանեան ատիկա կանխատեսելի նկատեց: Ըստ անոր, պարզապէս անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ կշիռքի նժարին վրայ որո՛ւն խօսքը դրուած է, որո՛ւն ըսածը աւելի ծանրակշիռ է: «Յամենայն դէպս, մեզի խորհելու եւ վերլուծելու կարիքը կու տայ այն փաստը, որ պաշտօնական հերքում արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, յատկապէս` նախարարին մակարդակով չէ եղած», յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Սերկէյ Ղազարեան նոյնպէս յայտնեց, որ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը պատահական չէր: Ըստ անոր, Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ այսպիսի յարաբերութիւններ ունեցող երկիրները եւ կազմակերպութիւնները վերջապէս այդ եզրակացութեան կը յանգին: «Բոլորս ալ գիտենք, որ Ուրուկուէյ առաջին երկիրն է, որ ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը եւ չի բացառուիր, որ կրնայ նաեւ առաջինը ըլլալ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը», ընդգծեց Ս. Ղազարեան:

Ղարաբաղցի անկախ վերլուծաբան Դաւիթ Կարաբեկեան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը բարոյական յաղթանակ նկատեց, քանի որ յայտարարութեան յաջորդած է նաեւ մէկ այլ հակասական յայտարարութիւն` նոյն նախարարութեան երկու պաշտօնեաներուն կողմէ: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մեկնաբանութիւնները կը վկայեն, որ ատիկա նախարարին անձնական կարծիքն է եւ կարելի չէ պետական կողմնորոշում կամ կարծիք նկատել զայն:

Անկախ վերլուծաբանը յայտարարեց, որ անշուշտ ողջունելի է այսպիսի դիրքորոշում, սակայն Արցախի ճանաչման համար տակաւին լուրջ եւ հետեւողական դիւանագիտական աշխատանք կը պահանջուի: Ան նշեց, որ նախադէպը Ուրուկուէյի պարագային գոյութիւն ունի` Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած, ուղղակի Ղարաբաղի մասով նպատակաուղղուած աշխատանք անհրաժեշտ է: Ըստ անոր, յայտարարութիւնը պէտք է առաջին քայլ նկատել, սակայն ատիկա դիւանագիտական աշխատանքով պէտք է ամրապնդուի, այլապէս կը մնայ զուտ բարոյական յաղթանակ:

 

Նախորդը

ՇՈՒԷՏԸ ԶՕՐԱՎԻԳ` ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.