Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Պետական Յանձնախումբ. «Ազրպէյճանի Յանձնած Բոլոր Դիակները Ենթարկուած Էին Խոշտանգման»

April 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Red-Cross_41116

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբը յայտարարած է, որ 9 ապրիլին ազրպէյճանական կողմէն հայկական կողմին յանձնուած զոհուածներուն բոլոր մարմինները ենթարկուած էին խոշտանգման ու անարգանքի:

Համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` 10 ապրիլին Ղարաբաղի պետական յանձնախումբը` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ, Բաշ Քարվենդ բնակավայրի մօտակայքը կատարած էր զոհուածներու մարմիններու փոխանակում` ազրպէյճանական կողմին հետ: Ղարաբաղեան կողմին  յանձնուած է 1-5 ապրիլի զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք սահմանագիծին վրայ զոհուած Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի 18 զինուորի մարմին:

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներուն ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղուող պետական յանձնախումբին կողմէ արձանագրուած է, որ ազրպէյճանական կողմէն յանձնուած զոհուածներու բոլոր մարմինները ենթարկուած են խոշտանգման ու անարգանքի», նշուած է պետական յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

Յանձնախումբը նաեւ շեշտած է. «Այս արարքը, հանդիսանալով հակամարդկային աղաղակող դրսեւորում, կը հակասէ պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն եւ կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, մասնաւորապէս, 1949-ին գործող բանակներու մէջ վիրաւորներու եւ հիւանդներու վիճակի բարելաւման մասին Ժընեւեան առաջին համաձայնագիրին, 1949-ին Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւեան 3-րդ համաձայնագիրին եւ 1977-ի  Միջազգային զինուած բախումներու զոհերու պաշտպանութեան մասին 12 օգոստոս 1949-ի Ժընեւի համաձայնագիրին առաջին արձանագրութեան պահանջները»:

Հաստատուած է, որ ղարաբաղեան կողմը հետամուտ պիտի ըլլայ, որ ազրպէյճանական կողմին նման պահուածք ենթարկուի միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներու խստագոյն դատապարտման, իսկ մեղաւորները ստանձնեն պատասխանատուութիւնը եւ կրեն պատիժը:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Կառավարութեան Կողմէ Իրականացուող Դրամահաւաքին Շնորհիւ Արդէն 3 Միլիոն Տոլար Հաւաքուած Է

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեանը Կարմիր Խաչի Հայաստանի Պատասխանատուին Ներկայացուցած Է Ազրպէյճանի Ոճիրներուն Համար Զայն Պատժելու Հիմքերը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.