Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԻՔԱՐՏՈՆԷԻ ԵՒ ՀԵՖԸՐՆԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՔՈՒԷԱՐԿԷ ԱՅՍՕՐ

September 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Հեֆըրնի նշանակման հարցերով քուէարկութիւնները Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի պիտի ունենան այսօր:

Հաղորդելով այս լուրը` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը ամերիկահայերուն կոչ կ՛ուղղէ կապուելու իրենց օրէնսդիրներուն հետ եւ դէմ արտայայտուելու Ռիքարտոնէի հաստատման: http://www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=52277511

Հայ դատի գրասենեակը կը նշէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար իր հաստատման հարցով ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած լսումներէն ետք պատասխանելով հայամէտ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի գրաւոր այն հարցումին, որ մինչեւ 1915 թուականը Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ հատը այսօր տակաւին կը գործեն իբրեւ եկեղեցիներ, Ռիքարտոնէ յայտարարեց, որ մինչեւ 1915 գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ: Աւելի ուշ Ռիքարտոնէ սրբագրեց իր խօսքերը` տեղի տալով Ամերիկայի հայ համայնքի քննադատութեան, սակայն նոր ձեւակերպումը եւս չբաւարարեց Հայ դատի յանձնախումբը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Հեֆըրնի թեկնածութեան հաստատման, այդ հարցը ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յուլիսի աւարտին Մենենտեսի առաջարկով որոշեց տեղափոխել իր յաջորդ աշխատանքային նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր:

Յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններուն ժամանակ Հեֆըրն խօսած էր Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութեան մասին, սակայն խուսափած էր այդ իրադարձութիւնները որակել ցեղասպանութիւն:

 

 

 

Նախորդը

ՊԱՅԹՈՒՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՇՈՒԷՏԸ ԶՕՐԱՎԻԳ` ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.