Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԲԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ

September 13, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քամերուն եւ Մետվետեւ

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ ինք «Սուրիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու կարիք չի տեսներ»` նշելով, որ «Ռուսիա պիտի չզօրակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ ՄԱԿ-ի կողմէ պատժամիջոցներ հաստատելու արեւմտեան ջանքերուն»:

Մետվետեւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ Մոսկուայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ներկայիս իրականութեան մէջ Սուրիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ բազմաթիւ պատժամիջոցներ հաստատուած են եւ ներկայիս այդ ուղղութեամբ յաւելեալ ճնշում գործադրելու կարիք չկայ»

Միւս կողմէ, սակայն, ան կոչ ուղղեց Ապահովութեան խորհուրդին մէջ որդեգրելու «ուժեղ որոշում» մը, որ հաւասարակշռուած եւ տագնապի երկու կողմերուն ուղղուած ըլլայ: Մետվետեւ նշեց, որ Ռուսիա այդպիսի որոշումի մը բանաձեւման պիտի զօրակցի:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Էլիաս Օմախանով Սուրիոյ նախագահի քաղաքական եւ մամլոյ հարցերով խորհրդական Պուսէյնա Շաապանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ ապագան կը տեսնենք այդ երկրին ժողովուրդին իր ճակատագիրը ճշդել կարենալուն մէջ, եւ Ռուսիոյ կեցուածքը կարելի է ամփոփել արտաքին միջամտութեան դիպաշարը արգիլելու մէջ»:

Ան յայտնեց, որ ռուս ծերակուտականներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ամէնէն լայն հատուածներուն հետ հանդիպումներ ունենալ: «Սուրիայէն եկած տեղեկութիւնները հակասական են, ուստի իսկական կացութեան ծանօթանալու համար այցելութիւն պիտի կատարենք», ընդգծեց Օմախանով: Պատասխանելով Սուրիոյ ապագան Ասատի ներկայութեամբ կամ առանց անոր պատկերացնելուն մասին հարցումի մը` ան նշեց, որ «այդ հարցը սուրիացի ժողովուրդը կը ճշդէ»:

Մինչ այդ, ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ զօր.Նիքոլայ Մաքարով յայտարարեց, որ Ռուսիա Թարթուսի մէջ գտնուող իր զօրակայանը պիտի պահէ:

Միւս կողմէ, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Սուրիոյ կոչ ուղղեց արիւնահեղութիւնը անմիջապէս դադրեցնելու եւ «լուրջ ու անմիջական բարեփոխումներ» կիրարկելու: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարաց ժողովը Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած իր ժողովին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց արիւնահեղութեան շարունակման, բռնարարքներու աճին եւ բանակի օգտագործման նկատմամբ` վստահեցնելով, որ խորհուրդը Սուրիոյ կայունութեան եւ միասնականութեան նկատմամբ նախանձախնդիր է:

 

Նախորդը

ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ» ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՐԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՅԱՐԳԻ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.