Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՅՈՐԴԱՆԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԱԼԼԱ Բ.

September 13, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտալլա Բ. թագաւորը

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յորդանանցի մտաւորականներու եւ ակադեմականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Յորդանան ոչ ոքի այլընտրանքային հայրենիքը պիտի ըլլայ»` նշելով, որ «պաղեստինեան դատին, գաղթականներու իրաւունքներուն եւ վերջնական լուծումին նկատմամբ Յորդանանի կեցուածքը յստակ եւ վճռական է, չէ փոխուած եւ պիտի չփոխուի»:

Անդրադառնալով ընդհանրապէս իսրայէլեան կողմէն հնչող այն տեսակէտներուն, թէ պաղեստինեան դատը պիտի լուծուի ի վնաս Յորդանանին եւ վերջինս պիտի վերածուի պաղեստինցիներու այլընտրանքային հայրենիքին, Յորդանանի թագաւորը սպառնական ոճով մը ըսաւ, որ «կ՛ուզեմ բոլորը հանգստացնել, թէ Յորդանան ոչ ոքի համար այլընտրանքային հայրենիք պիտի ըլլայ, մինչ մենք նստած եւ ձեռնածալ կը մնանք»` աւելցնելով, որ «մենք բանակ ունինք եւ պատրաստ ենք մեր հայրենիքին ու Յորդանանի ապագային համար կռուելու: Պէտք է խիստ կերպով խօսինք եւ չարտօնենք, որ այդ գաղափարն իսկ մնայ ոմանց մտքին մէջ»:

Ապտալլա թագաւորը նշեց, որ «Յորդանան պիտի պաշտպանէ իր իրաւունքներն ու պաղեստինեան ազգային հողամասին վրայ պաղեստինեան անկախ, կենսունակ եւ Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող պետութեան մը հաստատումը, տունդարձի իրաւունքը եւ հատուցում ներառող վերջնական լուծումի մը համար իր տեսլականը»:

Յորդանանի թագաւորը ընդգծեց, որ «այլընտրանքային հայրենիք գոյութիւն ունի միայն տկար հոգիներուն մտքին մէջ, եւ այն, ինչ որ յորդանանեան ընտրանք կը կոչուի, յորդանանցիներու բառարանին մէջ տեղ չունի, իսկ այս նիւթին մասին խօսիլը քաղաքական երեւակայութիւն ու անկարելի երազներ են»:

«Յորդանանը Յորդանանն է, իսկ Պաղեստինը` Պաղեստինը, մեր ինքնութիւնը արաբ-իսլամական է եւ մենք գիտենք մեր ուղղութիւնը, իսկ մեր ուղին յստակ է` պաշտպանել Պաղեստինի ապագան, պաշտպանել Երուսաղէմի ապագային մէջ մեր իրաւունքները, տունդարձի իրաւունքը, եւ մենք զօրավիգ կը կանգնինք պաղեստինեան պետութիւն մը հաստատելու պաղեստինցիներուն իրաւունքին, իսկ քաղաքական գետնի վրայ մենք չփոխուեցանք եւ պիտի չփոխուինք. այլընտրանային հայրենիքի հարցը քննարկումի առարկայ պէտք չէ ըլլայ»:

Խօսելով Յորդանանի մէջ ազգային ինքնութեան շուրջ վէճին մասին` ան կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ յորդանանեան հասարակութիւնը մասնատող երկակի ինքնութիւն չստեղծելու: «Ազգային միասնութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ է» ըսաւ, ան` աւելցնելով, որ սակաւաթիւ խմբակի մը պիտի չարտօնէ Յորդանանի ապագան խորտակել:

 

 

Նախորդը

ԸՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՈՎ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ

Յաջորդը

ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ» ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.