Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՈՎ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ

September 13, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արդարադարտութեան նախարար Մոհամետ Ապտել Ազիզ Ժունտի եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Արաբական ծոցէն փոքր երկիր մը եգիպտական հասարակութեան մէջ իրարանցում ստեղծելու համար անցեալ փետրուարին մէկ օրուան մէջ 181 միլիոն եգիպտական կինէ ուղարկած է տխրահռչակ միութեան մը: Ան նշեց, որ ստացած է վտանգաւոր զեկուցումներ, թէ Եգիպտոսի մերձակայ երկիրներ մարդկային իրաւանց եւ քաղաքացիական հասարակութեան պատկանող տխրահռչակ եւ ոչ տխրահռչակ կազմակերպութիւններու մեծագումար նիւթական օժանդակութիւններ կը տրամադրեն` աւելցնելով, որ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու համար զինեալ ուժերու խորհուրդին եւ վարչապետին ներկայացուցած է զեկուցում մը:

Ժունտի յայտնեց, որ վարչապետը վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին իր ստացած զեկուցումներուն մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարէ: Ան նշեց, որ այն, ինչ որ եգիպտական փողոցին մէջ տեղի կ՛ունենայ, արտաքին եւ ներքին կողմերու ցուցմունքով տեղի կ՛ունենայ եւ պետութեան կառոյցները քանդելու նպատակը կը հետապնդէ:

Եգիպտոսի արդարադատութեան նախարարը նշեց, որ Եգիպտոսի մերձակայ կարգ մը վարչակարգեր այն մտավախութիւնը ունին, թէ կրնան Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածով վարակուիլ:

Նշենք, որ եգիպտական ապահովական ուժերը կիրակի օր ներխուժած են Գահիրէի մէջ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի գրասենեակները եւ գրաւած սարքաւորումներ ու ձերբակալած շարք մը աշխատակիցներ: Ըստ «Ահրամ»ի, «Ժազիրա» տակաւին պատկերասփռման արտօնութիւն չէ ստացած:

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵԼԻՔ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԳՐԱՒԷ 44-ՐԴ ԴԻՐՔԸ

Յաջորդը

«ՅՈՐԴԱՆԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԱԼԼԱ Բ.

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.