Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակին Ուղղուած Պետական Միջոցները Պիտի Աւելնան Որքան Որ Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Հայաստանի Վարչապետը

April 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hovig_41016

«Ամբողջ աշխարհն ու համայն մարդկութիւնը կը դատապարտեն Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնը», շեշտեց Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ նահատակ երեք հերոսներու հոգեհանգստեան արարողութեան առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով:  «Ճիշդ է, այս առաջին ոտնձգութիւնը չէ, բայց 1994 թուականէն ետք առաջինն է իր զանգուածային տարողութեամբ», շարունակեց Աբրահամեան եւ աւելցուց. «Ցաւ ի սիրտ ունինք կորուստներ, նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին մեր երկրորդ հայկական հանրապետութեան սահմանները պաշտպանելու համար»:

«Մենք կը խոնարհինք եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր զինուորներու, մեր հերոսներու հարազատներուն», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը` համոզում յայտնելով, որ պէտք է ըլլանք մեր զինուորին կողքին, միաժամանակ մեր հպարտութիւնը արտայայտելով, որ ունինք այդպիսի հերոս զինուորներ, սպաներ, մարտունակ բանակ, որ կրցաւ դիմադրել այդ մեծ յարձակման: «Ես կը կարծեմ, որ մենք համապատասխան հարուած տուած ենք թշնամիին», դիտել տուաւ Աբրահամեան եւ աւելցուց. «Մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն հաստատել, բայց եթէ կրկնուին նման յարձակողական գործողութիւններ, մենք պարտաւոր ենք ուղղակի պաշտպանել մեր սահմաններն ու մեր ժողովուրդը»:

Միւս կողմէ, վարչապետ Աբրահամեան կրկին քննադատեց Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը: «Հայաստան` իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, յորդորած է եւ կը  յորդորէ, որ Ռուսիա զէնք չվաճառէ ազրպէյճանցիներուն, որոնք այդ զէնքերը կ՛օգտագործեն խաղաղ բնակիչներու դէմ», շեշտեց ան: Վարչապետը նաեւ համոզում յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ, իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափեն` զոհուած զինուորներու  հարազատներուն օգնելու համար:

Անդրադառնալով պետութեան կողմէ բանակին տրամադրուող միջոցներուն` վարչապետը ըսաւ. «Պետական միջոցները պիտի աւելցնենք, որքան որ անհրաժեշտ է»:

 

Նախորդը

Սահմանային Կացութիւնը Աւելի Հանդարտ Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումը` Նախկին Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.