Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Կանխահաս Ընտրութիւններ Կատարելու Ասատի Առաջարկը» Կ՛ըսէ Թրիւտօ

April 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլիզապեթ Թրիւտօ
Էլիզապեթ Թրիւտօ

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն քննարկել կանխահաս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկը:

Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ իշխանութեան քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին աջակցիլ` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ փոխանցման ձեւի ճշդման համար ընթացք առած հոլովոյթին, որ կ՛ընթանայ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ»:

Բրիտանիա նոյնպիսի կեցուածք մը արտայայտած էր: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ կոչ ուղղեց կազմելու սուրիական կառավարութիւն մը, որուն մէջ Ասատ տեղ չունի: Ան քննադատեց ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան գաղափարը, որ Ասատ հնչեցուցած էր «Սփութնիք»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «կեղտոտ սպրդումներ» կոչեց Ասատի ճակատագիրին շուրջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն համաձայնութեան մը ակնարկող լուրերը` նշելով, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը Սուրիոյ մէջ լուծումի գլխաւոր սկզբունքներուն շուրջ է:

Ան ըսաւ, որ այդ լուրերը ապակողմնորոշման եւ փափաքները իբրեւ իրականութիւն ցոյց տալու համար են` նշելով, որ Ուաշինկթըն սխալ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններուն մասին:

Լաւրով ընդգծեց, որ Ասատի ճակատագիրը պիտի ճշդեն սուրիացիները` բանակցութիւններու միջոցով, որոնք պիտի առաջնորդեն ընտրութիւններու, ներառեալ նախագահական ընտրութեան:

 

Նախորդը

Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.