Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԴԷՄ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ

September 12, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ Ֆրանսայէն ժամանած է Լիբանան, յայտնեց, որ մարոնիները մնայուն կերպով բարձր գնահատած են Ֆրանսայի հետ իրենց յարաբերութիւնները եւ ամէն ջանք ի գործ դրած, որ այդ յարաբերութիւնները կարելի ըլլայ ծառայեցնել Լիբանանի շահերուն:

Ան հաստատեց, որ պէտք է ըլլալ ֆրանսացիներուն նման` շատ լուրջ իրենց կեցուածքներուն մէջ, եւ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծ մասը հարցերուն մակերեսային ու անպատասխանատու կերպով կը մօտենայ եւ ոչ թէ բաւարար լրջութեամբ:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին դէմ ընդդիմութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն կողմէ սանձազերծուած արշաւը հետզհետէ կը սաստկանայ` դատապարտելով Սուրիոյ առնչութեամբ մարոնի համայնքի հոգեւոր պետին կատարած յայտարարութիւնները:

Այս արշաւին շրջագիծին մէջ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նշեց, որ իրենք կրնան համաձայն չըլլալ Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն հետ` աւելցնելով, որ այդ հարցը պէտք է լուծել իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նշեց, որ Ռայի պատրիարքը իր կատարած յայտարարութիւններով հովանաւորութիւն ցուցաբերած է Հըզպալլայի զէնքին նկատմամբ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին վերջին կեցուածքները պատճառ դարձան, որ ան Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին 70 առ հարիւրին հետ թշնամանայ:

Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն նկատել տուաւ, որ մարդ անհատը սխալական է` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը որքան շատ խօսի,  այնքան աւելի պիտի սխալի: «Հետեւաբար Ռայի պատրիարքը պէտք է թեթեւցնէ քաղաքական իր ճառախօսութիւնը», ըսաւ Շամուն:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ ինք հարուածի մը առջեւ գտնուած է, երբ լսած է Սուրիոյ մասին Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները: Ան աւելցուց, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները չեն դրսեւորեր իրենց տեսակէտը, ինչպէս նաեւ կատարելապէս կը հակադրուին իրենց որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները ապառողջ են:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին ձգտումներն ու անոր կեցուածքները պատմական սխալներ են:

Հարկ է աւելցնել, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը կատարեալ ազատութիւն ունի իր փափաքած ձեւով արտայայտուելու Սուրիոյ մասին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր վերապահ է Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն նկատմամբ:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ. «ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓԱՐԻԶԷՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԵՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷ»

Յաջորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.