Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Փարիզէն կատարած յայտարարութիւնները Լիբանանը կը փրկեն վտանգներէ:
Պըրրի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հեռատեսութիւնն ու անոր ազգային եւ հոգեւոր հորիզոնները կը ծառայեն ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն շահերուն:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ ինք յատուկ կեցուածքներ պիտի ունենայ, երբ Ռայի պատրիարքը այցելէ հարաւային Լիբանան` աւելցնելով, որ ինք բազմիցս մարոնի նախկին Սֆէյր պատրիարքը հրաւիրած է այցելելու հարաւային Լիբանան:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը կրնայ դառնալ ամբողջ արաբական աշխարհին կայունութիւնը պահպանող բանալին, յատկապէս Սուրիոյ պարագային: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան իր այսօրուան իրականութեամբ կրնայ երաշխաւորել արաբ քրիստոնեաներու ապահովական կայունութեան պահպանումը:


