Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻՊԸՐՄԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼՈՎ «ԼԻՊԸՐՄԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐ»Ը` ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՈՉԻՆՉ ԸՍԱԾ Է

September 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աւիկտոր Լիպըրման

«ԻզՌուս» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման շաբաթ գիշեր իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկու կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին հաղորդած այն լուրին, թէ ինք որոշած է Թուրքիայէն վրէժ լուծելու համար հայերուն եւ քիւրտերուն օգնել:

«Գոյութիւն ունի բազմամիլիոն քիւրտ ժողովուրդ, եւ բոլոր քիւրտերը անդամ են քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան(ՔԱԿ), որ Թուրքիոյ մէջ գործող քիւրտ անջատողականներու մեծագոյն ռազմաքաղաքական ուժն է: Այդ հարցը ընդհանրապէս օրակարգի վրայ դրուած չէ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս որեւէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւն, բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ, տարբեր «մտային գրոհներ» կը կազմակերպէ, գոյութիւն ունին բազմաթիւ գաղափարներ, եւ մենք տարբեր դիպաշարեր կը պատրաստենք», ըսած է Լիպըրման:

Ան ընդգծած է, որ «օրակարգին վրայ ՔԱԿ-ին օժանդակութիւն ցուցաբերելու կամ այդ կազմակերպութեան հետ որեւէ կապ հաստատելու առաջարկ չկայ»:

«Մենք կը պատրաստուինք իրադրութեան զարգացման որեւէ դիպաշարի, սակայն յոյս ունինք, որ յաջողինք վերականգնել Թուրքիոյ հետ բարի դրացիական կամ, առնուազն բնական յարաբերութիւնները, բայց եւ այնպէս, չենք պատրաստուիր թուրքերուն ետեւէն իյնալու կամ սպիտակ դրօշ բարձրացնելու», ըսած է Լիպըրման` աւելցնելով, որ Իսրայէլ չ՛ուզեր Թուրքիոյ հետ ճակատումի երթալ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը հայերուն օժանդակելու հարցին մասին ոչինչ ըսած է:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը շաբաթ օրուան թիւին մէջ գրած էր, որ իսրայէլացի դիւանագէտ մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ համարժէք պատասխան տալու Լիպըրմանի ծրագիրը անոր անձնական յերիւրանքն է: Ան յայտնած է.«Տարբեր կարծիքներ արտայայտուեցան, սակայն բոլոր առաջարկներուն իմաստը մէկ էր` արտաքին գործոց նախարարութեան փորձագէտները Լիպըրմանին առաջարկեցին խուսափիլ քայլերէ, որոնք Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ նոր լարուածութիւն կը յառաջացնեն: Իսկ «Ետիոթ Ահրոնոթ»ի կողմէ արտահոսքը ոչ այլ բան է, քան արտաքին գործոց նախարարի հերթական յերիւրանքը, որ կը խայտառակէ սեփական գերատեսչութեան արհեստավարժութիւնը», ըսած է աղբիւրը` աւելցնելով, որ խորհրդակցութեան ընթացքին ՔԱԿ-ին օժանդակելու հարցը ընդհանրապէս չէ քննարկուած:

Անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին ցուցաբերուելիք հաւանական աջակցութեան, դիւանագիտական աղբիւրը ընդգծած է, որ այդ հարցին մէջ Իսրայէլի դիրքորոշումը կը համընկնի Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման հետ, այսինքն` խնդիրը հայ եւ թուրք պատմաբանները իրարու միջեւ պէտք է լուծեն եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչները: «Իսրայէլ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չունի: Իսկ ո՞վ կ՛ըսէ, որ հայերը հիմա կ՛ուզեն վիճիլ Թուրքիոյ հետ, ալ չեմ ըսեր այն մասին, որ յանուն ատոր ընդունին Իսրայէլի օգնութիւնը», նշած է իսրայէլացի անանուն դիւանագէտը:

 

 

Նախորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՆՇԵՑԻՆ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ

Յաջորդը

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԶԱՐԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.