Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

March 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mkrtchian_Russia_32116

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Վոլինքինը: Ողջունելով դեսպանը` նախարարը նշած է, որ Ռուսիոյ հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները իրենց արտացոլումը գտած են նաեւ կրթութեան մարզին մէջ:

«Մեր հանրապետութեան համալսարանական համակարգին մէջ աւելի քան մէկ տասնամեակ գործող Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանը կարեւոր դեր ունի, իսկ մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ նաեւ Մոսկուայի Մ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի մասնաճիւղը, որ, անշուշտ, նոր կարելիութիւն է մեր ուսանողներուն  համար եւ կը բարձրացնէ միջհամալսարանական մրցակցութեան մակարդակը` միաժամանակ նպաստելով որակի բարձրացման»,  նշած է Մկրտչեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով կրթութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան համար` դեսպան Իվան Վոլինքին նշած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով կը զարգանան, իսկ հարցերը կը կարգաւորուին փոխըմբռնման եւ փոխհամաձայնեցման մթնոլորտով:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը մտադրութիւն յայտնած են վերատեսութեան ենթարկելու երկու պետութիւններու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրը, ինչ որ իր կարգին խթան պիտի հանդիսանայ կրթութեան մարզին մէջ յարաբերութիւններու զարգացման:

Մկրտչեան առաջարկած է վերականգնել նաեւ գիտութեան մարզին մէջ նախապէս եղած փոխադարձ գործակցութիւնը` շեշտը դնելով բնական եւ արհեստագիտական գիտութիւններուն վրայ: Հետագայ համագործակցութեան ուղիները քննարկելու նպատակով` Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային Հայաստանի մէջ ընդունելու Ռուսիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ռուսերէնի  խորացուած ուսուցման, դպրոցներու միջեւ համագործակցութեան, Ռուսիոյ համալսարաններուն մէջ կրթաթոշակներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցերուն:

 

Նախորդը

«Իսրայէլի Դէմ Հաւանական Որեւէ Պատերազմի Պարագային Կարմիր Գիծեր Պիտի Չըլլան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով Ստեղծուած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Մասնագիտական Յանձնախումբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.