Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»ի. Մարտ Գ.- Հայ Ուսուցիչը Կրկնակի Առաքելութեամբ

March 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

zarmig_Պատերազմին մէջ տոկալու սուրիահայութեան տուայտանքին մէջ հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը յուսադրիչ դերակատարութիւն ունեցան շարունակելով հայապահպանման իրենց առաքելութիւնն ու յատկապէս դաստիարակչական պատասխանատու գործը:

Պատասխանատու, որովհետեւ յատկապէս պատերազմական մթնոլորտի մէջ վայրագութիւններու պատկերները, բարոյական ըմբռնումներու անկումը, կենցաղային դժուարութիւնները կրնային հեշտութեամբ աղաւաղել մատղաշ սերունդներուն աշխարհահայեացքը, գեղեցիկին ու բարիին հանդէպ անոնց հաւատքը, մշուշապատ դարձնել անոնց ապագան եւ նուազեցնել ուսման նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը:

Հայ ուսուցիչն ու դաստիարակն էին կրկին, որոնք, առանց յուսահատելու, շարունակեցին տէր կանգնիլ իրենց կոչումին պատրաստելու կիրթ, ուսումնատենչ ու հայ ինքնութեամբ հպարտ հայ սերունդներ:

Փաստօրէն սուրիահայ իրականութեան մէջ հայ ուսուցիչը շարունակեց մնալ մարդակերտումի առաքելութեան նուիրուած այն էակը, որ ինչպէս մեր պատմութեան դժուար հանգրուաններուն յաջողեցաւ վառ պահել մեսրոպեան շունչն ու հայկեան կամքը իրերայաջորդ սերունդներու մէջ, այնպէս ալ մեր օրերուն տքնեցաւ` կերտելու տիպար հայն ու պարկեշտ քաղաքացին:

Ապրելով հանդերձ պատերազմական մթնոլորտի բոլոր դժուարութիւնները, ազգապահպանման մեր գոյերթին սպառնացող կործանարար փոթորիկներուն, բազում խոչընդոտներուն դէմ կուրծք պարզելով` հայ ուսուցիչը հայ դպրոցէն ներս եղաւ միշտ ներկայ, յուսադրող ու գօտեպնդող:

Այս իրականութեան լոյսին տակ աններելի է հայ ու մանաւա՛նդ հայերէնաւանդ ուսուցիչին թերագնահատման ուղղուած որեւէ դրսեւորում:

Ուսուցիչին նկատմամբ մեր յարգանքն ու պատկառանքը նախ եւ առաջ պիտի սկսի ընտանեկան միջավայրէն:

Ընտանիքի տակ նորափթիթ մեր սերունդներուն գիտակցութեան մէջ հարկ է միշտ արթուն պահել ուսուցիչ տիպարին հանդէպ ակնածանքը եւ դպրոցական տարբեր հարցերու լոյսին տակ չթերագնահատել ուսուցիչին դերը աշակերտին ուսումնական հարցերն ու դժուարութիւնները բարդելով անոր վրայ:

Ընտանեկան յարկին տակ է վերջապէս, որ հայ պատանին պիտի սորվի յարգել ու արժեւորել հայ դաստիարակը:

Իսկ հաւաքական մեր կեանքէն ներս չզլանանք զօրավիգ կանգնիլ հայ ուսուցիչին`

– Ուսուցչական ասպարէզը դարձնելով աւելի գրաւիչ,

– Պաշտպանելով ուսուցիչին իրաւունքները,

– Նիւթական մնայուն եւ ոչ ժամանակաւոր տուեալներ հայթայթելով հայ ուսուցիչին ու զայն զերծ պահելով ապրուստի ապահովման դժուարութիւններէն:

Միաժամանակ

– Մղելով հայ ուսուցիչը ձերբազատելու դասաւանդութեան հնաոճ մեթոտներէն եւ քայլ պահելու յառաջընթաց բարեփոխումներու հետ,

– Միջոցներ հայթայթելով անոր բազմակողմանի զարգացման ու շարունակական վերաորակաւորման համար,

– Եւ վերջապէս, քաջալերելով ստեղծագործ, վերլուծողական մտածողութեան տէր ու նորարար այն ուսուցիչները, որոնք իրենց առաքելութիւնը վերածած են կոչումի:

Տօնդ շնորհաւո՛ր հա՛յ ուսուցիչ:

Զ. Պ.

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1944)

Յաջորդը

Ամէնուր Արագաչափեր Են Ու Փոսեր. Հայաստանի Ճանապարհները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.