ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սիրալիր կացութիւն մը պիտի տիրէ ձեր շուրջը` առանց խօսակցութիւն ունենալու: Նայուածքներու փոխանակումը հասկնալի պիտի ըլլայ արդէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ժառանգական հարց մը անհամաձայնութիւն պիտի ստեղծէ ձեր շուրջը: Այս հարցը ձեր կեանքը մտահոգիչ պիտի դարձնէ, համբերատար եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անոնք, որոնք ծարաւը ունին սորվելու, կրնան հետեւիլ ուսումնական կազմաւորման ընթացքի մը: Ըրէք` ըստ օրուան պահանջին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կուրօրէն մի՛ ծախսէք. գէշ անակնկալները կը ստեղծուին միշտ ծախսալից գնումներէ ետք: Ուրեմն զգուշութեամբ ծախսեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է ներդաշնակութիւն մը ստեղծէք ձեր անձնասէր կեցուածքին եւ ընկերային պարտաւորութիւններու միջեւ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առողջական հարցերը արգելք պիտի չըլլան ձեզի յառաջդիմելու: Շարունակեցէք ձեր որոշած ծրագիրներու իրագործումը` առանց վհատելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն վրայ վստահութիւն ունեցէք: Եթէ անոնք ձեզի դասեր տան, ձեր օգտին համար է: Ընդունեցէք անոնց խրատները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր նպատակները իրագործելու պարագային, ցրուած տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի չկարենաք կեդրոնանալ օրուան հարցին վրայ, որ շատ կարեւոր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքներուն վրայ: Շատ գործեր ունիք կատարելիք եւ տեսնելիք` առանց աշխարհի միւս ծայրը երթալու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր եկամուտը ձեզի պիտի ստիպէ, որ հանդարտութեամբ դրամ ծախսէք: Առատ գնումի թակարդին մէջ մի՛ իյնաք: Կը վնասէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը խառնակ վիճակ մը կը պարզէ: Աջն ու ձախը իրարու դէմ հանելով մի՛ զբաղիք: Հանդարտութիւն կը պահանջուի ձեզմէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մեծ յոգնութեան եւ ջերմ ունենալու պարագային, անմիջապէս խնամեցէք ձեր մարմինը, ապա թէ ոչ հարցը երկար կը տեւէ:
