
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ նախագահը տեղեակ պահեց լիբանանեան դրամանիշի արժէքը պահպանելու նպատակով որդեգրուած քայլերուն մասին:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Սալամէն, որ վերջերս նկատուած էր աշխարհի լաւագոյն վեց Կեդրոնական դրամատուներու կառավարիչներուն շարքին:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական եւ բարեմաղթութիւններով լեցուն հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն:


