
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 9-ամեայ իշխանութեան օրով Թուրքիան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ ալ պարտութիւն կրած է:
«Վարչապետ Էրտողան, որ տակաւին երէկ կը խօսէր «քրտական նախաձեռնութեան, ժողովրդավարական նախաձեռնութեան» մասին, այսօր հանդէս կու գայ իբրեւ բռնութեան ներկայացուցիչ: Կը խօսէին նաեւ «հայկական նախաձեռնութեան» մասին, սակայն ատոր իբրեւ արդիւնք թէ՛ Հայաստանէն աւելի հեռացանք, թէ՛ եղբայր եւ բարեկամ Ազրպէյճանը կորսնցուցինք»:


