Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ԵՏԻՈԹ ԱՀՐՈՆՈԹ»Ի ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒ ԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ

September 10, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Թուրքիա Իսրայէլի կողմէ ներման հայցումով չէ հետաքրքրուած: Ըստ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծաբաններուն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ճգնաժամը օգտագործել իսլամական աշխարհին մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յանձնարարած է միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ հակադարձելու գործողութիւններու ծրագիր մշակել:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Լիպըրման կը ծրագրէ բացէ ի բաց Եւրոպայի մէջ հանդիպիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարներուն հետ` «անոնց հետ կարելի բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցելու եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու համար»:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը գրէ, որ «իսրայէլեան ծրագիրին մէկ այլ քայլն է Թուրքիոյ պատմական մրցակիցներուն` հայերուն հետ համագործակցութեան դիւրացումը: Այս ամիս Լիպըրմանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունենայ հայկական լոպիի ղեկավարներուն հետ եւ առաջարկէ քոնկրեսին մէջ հակաթուրք համագործակցութիւն ծաւալել»:

«Այս քայլին իբրեւ հետեւանք Հայոց ողջակիզումի միջազգային ճանաչումի ջատագովման իսրայէլեան օժանդակութիւն կրնայ ըլլալ, քայլ մը, որ մեծապէս պիտի վնասէ Թուրքիոյ: Իսրայէլ նաեւ կրնայ Արարատ լերան վերահսկողութեան հարցով Թուրքիոյ հետ վէճին մէջ զօրակցիլ Հայաստանի», կ՛ընդգծէ օրաթերթը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Լիպըրման յայտարարած է, թէ «Էրտողանին վճարել պիտի տանք գին մը, որ իրեն ցոյց պիտի տայ, թէ Իսրայէլի հետ չափուիլը շահաբեր չէ», եւ աւելցուցած է. «Թուրքիոյ համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ մեզի հետ յարգանքով եւ քաղաքավարութեամբ վարուի»:

Նախորդը

ԿԻՒԼ ԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Յաջորդը

«ԱՆԳԱՐԱ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ» ԻԲՐԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԹԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԹԷ՛ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.