Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

March 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

IMG-20160314-WA0000

Անցնող երկու շաբաթավերջերը յատկանշական եղան Այնճարի հայութեան այն հատուածին համար, որ կրցաւ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած զոյգ դասախօսութիւններուն, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր հայկական մանրանկարչութեան իսկ երկրորդը` հայկական ազգային տարազներուն:

Արդարեւ, հայրենիքէն հրաւիրուած երիտասարդ  արուեստի մասնագէտ եւ Երեւանի մէջ գործող «Տէրեան» կեդրոնի պատասխանատուներէն Անի Մարգարեանը ներկայացուց վերոյիշեալ զոյգ դասախօսութիւնները` լուսանկարներու եւ շօշափելի նմուշներու օժանդակութեամբ: Ան յաջողեցաւ նիւթերը ներկայացնել մասնագիտական եւ արդի մօտեցումով` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Աւելի՛ն.  ան կրցաւ փաստերով ցոյց տալ, թէ մեռած կարծուած հայկական մանրանկարչութիւնը  զարթօնքի մէջ է այսօր` որպէս կիրարական արուեստի տիրապետող ուղղութիւն:

Անի Մարգարեանը ներկայացուց հայ մանրանկարչական արուեստի այլազան նկարներու ու զարդանաշխերու օգտագործումը մեր ժամանակներուն: Ան ցոյց տուաւ, թէ անոնք ինչպէ՛ս տեղ կը գտնեն հագուստներու, պայուսակներու, խտասալիկներու, գիրքերու, ծանուցումներու եւ այլազան իրերու վրայ` վերակենդանացնելով մեր անցեալի արուեստի նմուշները:

Յատկանշական էր մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ Մարգարեան լաւապէս տիրապետած էր նիւթին եւ լաւապէս կրցաւ «գրաւել» ներկաները:

Նոյնը կարելի է ըսել երկրորդ դասախօսութեան մասին: Նիւթը ներկայացուեցաւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով` հետաքրքրական  վերլուծումներով: Ներկաները զգացին դասախօսին մեծ սէրը ազգագրական նիւթերու հանդէպ եւ գիտելիքներու այն մեծ շտեմարանը, որուն ան կը տիրապետէր: Նեկայացուեցան ազգային կարգ մը տարազներ կենդանի կերպով: Փաստօրէն միս ու ոսկոր ստացան մեր անցեալի ազգային տարազները,որուն վերակենդանացման աշխատանքին մէջ մեծապէս դերակատար կը թուի ըլլալ Երեւանի «Տէրեան» կեդրոնը:

Դասախօսը կրցաւ հաստատել, թէ` անոնք, որոնք համոզուած են, թէ մեր մանրանկարները անցեալին կը պատկանին եւ այլեւս հետաքրքրական չեն մեր ժամանակներուն, կը սխալին: Ան ցոյց տուաւ նաեւ, թէ կը սխալին նաեւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մեր ազգային տարազները մոռացութեան մատուած են:

Ուրախացուցիչ էր իմանալ, որ հայրենիքի մէջ մեծ զարթօնք կայ թէ՛ հայկական մանրանկարչութեան եւ թէ՛ հայկական ազգային տարազներու հանդէպ: Կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել հայրենի երիտասարդ մասնագէտին` զինք Լիբանան հրաւիրած Յովհաննէս Պէլեանին, եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին, որ այս առիթը ստեղծեցին Այնճարի հայութեան համար:

 

 

Նախորդը

«Զօրակցութիւն Արցախին Եւ Հայկական Բանակին» Խորագիրով Ձեռնարկներ Եւ Քաղաքական Հանդիպումներ Ֆրանսայի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Իննսունամեակ. «Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.