Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փրկութեան Լա՞ստ, Թէ՞ Գորդեան Հանգոյց

March 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

P1-KHEMP1

Արար աշխարհ իր առօրեայով տարուած` սովորական շաբաթասկիզբի սեմին էր, եւ հաւանաբար տեղեակ ալ չէր, որ երկուշաբթի, մարտ 7-ին, Պրիւքսէլի մէջ մարաթոն եւ կարեւոր խորհրդաժողով մը կը կատարուէր` բարւոք լուծում մը գտնելու, յատկապէս Սուրիայէն Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա մուտք գործող հազարաւոր գաղթականներուն:

Թղթածրարը նոյնքան կնճռոտ ու բարդ է, որքան` նոյնինքն Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած թնճուկը: Ի՞նչ կը ներկայացնէ ներկայ պատկերը, մանաւանդ որ փետրուարէն ի վեր Պալքանեան ճամբան փակ ըլլալով, գաղթականներուն միակ ճամբան եւ իրենց փրկութեան լաստին «փրկութեան լաստը»` երբեմնի զբօսաշրջիկներու երազանքն ու համակրանքը վայելող Յունաստանի արեւելեան շրջանի կղզիներն են:

Անշուշտ, անցեալ դարասկիզբի օրերուն, Նոր Աշխարհ ժամանող, Էլիս Այլընտը իբրեւ առաջին կանգառ նկատուող կացութիւնը չէ ստեղծուածը, այլ այդ կղզիները հանգրուան մըն են, գաղթականներուն կացութիւնն ու կեցութիւնը քննելու եւ վերջնականապէս դէպի Գերմանիա, Շուէտ կամ այլուր փոխադրելու:

Արդէն իսկ նիւթական դաժան պայմաններու տակ գտնուող Յունաստանի համար, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ, ահաւոր եւ անհանդուրժելի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ կրնայ յաւելեալ անդունդ տանիլ եւ անախորժ ոդիսականով մը ընկղմել արդէն իսկ պարտքերու մէջ լողացող Ոդիսեւսի երկիրը:

Այս կացութեան դիմաց, մարտ 7-ի ժողովը Եւրոխորհրդարանի 28 երկիրներու ներկայացուցիչներով եւ Թուրքիոյ հաւանութեամբ որոշում մը տուաւ, որ հաւանաբար ամէնէն աւելի զայրացնէ դաժան փորձառութիւններ ապրած եւ մահէն մազապուրծ խոյս տուած գաղթականն ու անոր նեցուկ կանգնող ոչ-կառավարական հիմնարկները:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հովանաւորութեամբ եւ հեղինակութեամբ, այս ժողովը որոշեց յառաջիկայ երկու շաբաթներուն Սուրիայէն կամ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն խոյս տուած եւ Յունաստան ժամանած գաղթականները վերստին ղրկել Թուրքիա, ուր աւելի կատարելագործուած պայմաններու տակ գաղթակայաններ պիտի գործեն եւ այդտեղէն օրինաւոր թուղթերով պիտի գաղթեն զիրենք ընդունող եւրոպական երկիրները:

Հետաքրքրականը այն է, որ այս հազարաւոր գաղթականները վերստին պիտի վայելեն Միջերկրականն ու իր ալիքները, սակայն փոխան «փրկութեան լաստեր»-ու, շատ աւելի ապահով` «անորոշութեան փոխադրանաւեր»-ով:

Այս տարօրինակ երթուդարձին ետին ինչե՜ր թաքնուած են: Առաջին հերթին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն իր «ձեռքին գործը տեսած է»… եւ այս բոլոր կատարուելիք աշխատանքներու բաւական շօշափելի լուման (երեք միլիառ եւրօ) ստանալու կանաչ լոյսն ալ ստացած է: Այս որոշումով եւ գործընթացով, հակառակ վերջին ամիսներու ստեղծուած ճնշումներուն, անգամ մը եւս Անգարա կը նկատուի հարցի լուծման առաջնահերթ կողմ:

Մերքելի այս առաջարկը նաեւ կը թեթեւցնէ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մինչդեռ եւրոպական այլ երկիրներ, որոնց կարգին` Ֆրանսան, յանձինս նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, անտրամաբանական կը նկատեն արդէն իսկ բարոյապէս եւ հոգեպէս ընկճուած, այդ շնչող էակները վերստին փոխադրել եւ յաւելեալ փոխադրութեան եւ կեցութեան դուռ բանալ: Փոխարէնը` ան կը նախընտրէ ներկայ ստեղծուած կացութեամբ, այսինքն յունական կղզիներէն շարունակել գաղթականներու վերջնական փոխադրութեան գործընթացը:

Այս թղթածրարին լրացուցիչ պատրաստութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ մարտ 17-18-ին… այսինքն` Գերմանիոյ մէջ կատարուելիք շրջանային ընտրութիւններէն քանի մը օր ետք: Ընտրութիւններ, ուր Մերքել ամէն գնով կը փափաքի յաղթական դուրս գալ իր Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան հետ:

 

Նախորդը

Իզապէլ Մանուկեան Եւ Մուշեղ Գարավարդանեան Մասնակցեցան Փարիզի Մէջ Լիբանանի Յատկացուած Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ Մասնակցեցաւ Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ Նիստին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.