Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Պտուղը Արդէն Հասունցած Է Եւ Կարելի Է Զայն Քաղել»

March 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիհ Պըրրի
Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան պտուղը արդէն իսկ հասունցած է եւ կարելի է զայն մօտիկ ապագային քաղել:

Ան միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց, որ նախագահական հասուն պտուղը կրնայ ծառէն թափիլ եւ փճանալ, նախքան լիբանանցիներուն կողմէ անոր համտեսումը` երկար սպասումէ ետք:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ ինք ոչ մէկ առիթ կամ հաղորդակցութիւն պիտի խնայէ` Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով:

Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիին յանձնած իր նամակը, որ ուղղուած էր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, իր նուազագոյն պարտականութիւնն է` աւելցնելով, որ ինչ ալ ըլլայ, Սէուտական Արաբիան չի լքեր Լիբանանը:

Պըրրի ընդգծեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուած երկխօսութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ երկխօսութիւնը համազօր է Սէուտական Արաբիոյ եւ հուսիներուն միջեւ երկխօսութեան:

«Այս երկխօսութիւնը ամէն ինչէ առաջ է. անիկա ամէն ինչ է, ըլլայ երկխօսութեան իր վիճակին մէջ, թէ աւելի ընդարձակ խորհրդակցութեան», շեշտեց Պըրրի:

Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Արաբական լիկայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի` անոր մաղթելով յաջողութիւն իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:

 

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. Պասիլ. «Հըզպալլա Լիբանանը Բաղկացնող Հիմնական Տարրերէն Մէկն Է Եւ Ընդարձակ Ներկայացուցչութիւն Ունի»

Յաջորդը

Աղբի Տագնապին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբը Կը Յանգի Լուծումի, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.