Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Կ՛ուզէ Արցախի Մէջ Խորհրդարանական Համակարգին Արցախեան Օրինակը Ստեղծել

March 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

model_030816

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան «Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի մէջ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական այնպիսի համակարգի, որ կը տարբերի հայաստանեան նախատիպէն:

«Մենք արդէն 20 տարի է կը պայքարինք, որ անցում կատարենք խորհրդարանական համակարգին, որ Արցախին համար յատուկ պիտի ըլլայ: Հայաստանեան օրինակին կրկնութիւնը պիտի չըլլայ», յայտնած է Արմէն Սարգսեան:

Պատգամաւորին համաձայն` իրենք խորհրդարանին մէջ արդէն սկսած են քննարկումներու, որոնք կը վերաբերին խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելուն: Չի բացառուիր, որ յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին առընթեր մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ կերպով պիտի գործէ խորհրդարանական համակարգը Արցախի մէջ` Արմէն Սարգսեան ըսած է. «Պատերազմի տարիներուն Արցախի մէջ  խորհրդարանական համակարգ կը գործէր: Եթէ այդ ժամանակ կրցանք յաղթել, այդ դժուար տարիներուն, ապա այսօր ալ համոզուած ենք, որ այս համակարգով կարելի է յաջողութեան հասնիլ»:

Նշենք, որ քննարկումներուն կը մասնակցէին «Ազատ հայրենիք»,  «Ժողովրդավարական», Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, «Շարժում-88» եւ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերը:

 

Նախորդը

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Քենթաքի Նահանգին Մէջ Հակահայկական Բանաձեւը Մերժուած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.