Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԿԸ ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԹՐՔԱԿԱՆ ՋՂԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ

September 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Մերճան

Ըստ «Ուիքիլիքս» կայքէջին, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճեֆրիի հետ թուրք երեսփոխաններու հանդիպման ժամանակ, Թուրքիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճան յայտարարած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները պիտի վատանան: Այդ հանդիպման մասին դեսպանական հաղորդագրութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած է 17 փետրուար 2010-ին:

Դեսպանը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը քոնկրեսի օրակարգային հարցերէն մէկն է, եւ անիկա անկախ մարմին է, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանը: «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը երբեք չի գիտեր, թէ քուէարկութեան արդիւնքները ի՛նչ պիտի ըլլան: Յառաջընթացի ամէնէն լաւ ճամբան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւումն է, որուն մասին բազմիցս ըսած է նախագահ Օպամա», ընդգծած է դեսպանը:

Ըստ Մերճանի, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման կը խոչընդոտեն 2 գործօններ` Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ Հայաստանի կողմէ «ազրպէյճանական տարածքներու գրաւումը»: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէ, քանի տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը չէ լուծուած: Ըստ անոր, ատիկա կատարելը կը նշանակէ Թուրքիոյ ռազմավարական շահերուն վնաս հասցնել:

Նշուած է, որ բանաձեւը Դամոկլեան սուրի պէս կախուած է Թուրքիոյ գլխուն եւ անոր ընդունման պարագային Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան տրամադրութիւններու ալիքը պիտի բարձրանայ: «Թուրք ժողովուրդը աւելի մեծ նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի բանաձեւերուն, քան աշխարհի այլ երկիրներու խորհրդարաններու բանաձեւերուն», ընդգծած է Մերճան:

Փաստաթուղթին մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի, որ թուրք խորհրդարաններու դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ այն հիմնախնդիրները, որոնց կը բախի Թուրքիոյ կառավարութիւնը արձանագրութիւնները խորհրդարանին մէջ վաւերացման դնելու հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ վտանգը, եթէ քոնկրեսը ընդունի Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը կամ նախագահ Օպամա 24 ապրիլի իր ուղերձին մէջ արտասանէ «Ցեղասպանութիւն» բառը: Կ՛ըսուի, որ եթէ Թուրքիա կը ցանկայ կասեցնել ատիկա, ապա պէտք է առաջ երթայ հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման գործին մէջ` առանց Միացեալ Նահանգներու որեւէ երաշխիքի:

Դեսպանը յայտնած է, որ հակառակը նոյնպէս տրամաբանական է. եթէ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածուի բանաձեւին կամ վարչակազմի ուղերձին մէջ, ապա հայ-թրքական մերձեցման յոյսերը պիտի թաղուին սերունդներու համար, իսկ թուրք-հայ-ազրպէյճանական տագնապը պիտի սրի: Ըստ անոր, տրամաբանօրէն` Թուրքիոյ տեսանկիւնէն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է որոշ ձեւով կանգնեցնէ կամ կասեցնէ բանաձեւին հետ կապուած քոնկրեսի փորձերը: «Քանի որ թուրքերը այսպիսի ոչ մէկ կանխանշան կը տեսնեն, անոնք մտադիր են աշխուժացնելու թուրք-ամերիկեան ջանքերը բանաձեւին դէմ եւ եզրակացուցած են, որ մենք լաւագոյն պարագային կը փորձենք ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ վաւերացման հարցին մէջ, վատագոյն պարագային` կը ցանկանք վաւերացնել արձանագրութիւնները, իսկ յետոյ ընդունիլ բանաձեւը: Ատիկա անհաւանական կը հնչէ, սակայն մենք հոս կ՛ապրինք ջղագար աշխարհին մէջ: Եթէ չփոխենք այն, ինչ որ կ՛ըսենք թուրքերուն, քոնկրեսին եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ ճնշումները, որպէսզի ատիկա մեր վրայ յարձակի պատասխան սպառնալիքներով եւ գործողութիւններով, հետզհետէ պիտի աճին», ընդգծած է դեսպանը:

 

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.