Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Փալոնէ Եւ Տոլտ Առաջարկած Են Աւելցնել Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն Տրամադրուող Աջակցութիւնը

March 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dold_Pallone_030416

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնէ (դեմոկրատական) եւ Ռոպըրթ Տոլտ (հանրապետական) Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն ուղղուած նամակի մը մէջ կոչ ուղղած են աջակցելու 2017-ի ֆինանսական տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն օժանդակութեան յաւելման ուղղուած իրենց ջանքերուն:

Քոնկրեսականներուն ուղղուած նամակին մէջ անոնք կ՛առաջարկեն աջակցիլ երկու հանրապետութիւններուն տրամադրուող արտաքին օժանդակութեան 7 առաջնահերթ ուղղութիւններուն: Մասնաւորաբար, կ՛առաջարկուի առնուազն 5 միլիոն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներուն, իսկ առնուազն 40 միլիոն տոլար` Հայաստանի տնտեսական օժանդակութեան համար (ներառեալ` Տնտեսական աջակցութեան հիմնադրամի, թմրանիւթերու շրջանառութեան դէմ միջազգային պայքարի եւ առողջապահութեան միջազգային ծրագիրներու ծիրին մէջ):

Այնուհետեւ կ՛առաջարկուի կասեցնել Ազրպէյճանին զինուորական օգնութեան տրամադրումը, այնքան ատեն որ, որ վերջինս չէ դադրեցուցած սահմանային յարձակումները, պատերազմի սպառնալիքներ հնչեցնելը եւ չէ համաձայնած տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքներու պահպանման: Կ՛առաջարկուի նաեւ աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին` Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած սուրիահայ տեղահանուածներու օգնութեան համար, Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութեան 10 առ հարիւրը յատկացնել Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանին մէջ կայուն աշխատատեղիներու ստեղծման նպատակին, ինչպէս նաեւ սահմանափակել Ազրպէյճանին ամերիկեան աջակցութեան սահմանափակման 907-րդ բանաձեւի կասեցման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու իրաւասութիւնը: Կ՛ընդգծուի նաեւ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան` իբրեւ բանակցող կողմի վերականգնման կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատող Որոշումը Անիրաւ Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

2 Համալսարաններ Թուրքիայէն Իրենց Ներդրումները Քաշելու Բանաձեւ Վաւերացուցին

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.