Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

September 9, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ռուսական «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը հիմնական արգելք է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ մթնոլորտի հաստատման համար:

«Իբրեւ շրջան Հարաւային Կովկասը յատուկ կարեւորութիւն ունի այն տեսանկիւնէն, որ այդ շրջանը դրացի է ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Ռուսիոյ: Մենք առաջնորդուելով շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման ռազմավարութեամբ, կը ձգտինք հասնիլ այնպիսի մթնոլորտի մը, որ պիտի նպաստէ այդ շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ձեւաւորման: Ինչպէս դուք գիտէք, ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ներկայ պահուն Հարաւային Կովկասի մէջ նման բարենպաստ մթնոլորտի հաստատման համար հիմնական արգելք կը նկատուի: Կ՛ենթադրեմ, որ այդ տեսանկիւնէն Թուրքիոյ կարծիքը կը համընկնի Ռուսիոյ տեսակէտին հետ: Այդ տեսանկիւնէն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացը վճռորոշ նշանակութիւն պիտի ունենայ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին` Կիւլ նշած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ յառաջընթացը իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ:

Ընդգծելով, որ Թուրքիան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման աջակցելու, Կիւլ ըսած է. «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ մենք պատրաստ ենք բազմակողմանի կերպով աջակցելու խնդիրի լուծման ուղիներ փնտռելուն, որուն մէջ իր անձնական մասնակցութիւնը ունի Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ինչպէս նաեւ կարելին ընել տագնապի հետագայ լուծման համար: Այդ ճամբուն վրայ յառաջընթացը, անկասկած, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ: Այդպիսին է Թուրքիոյ դիրքորոշումը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ: Մենք անկեղծ կերպով կ՛ուզենք, որ այդ հոլովոյթը յաջողութեամբ պսակուի»:

Կիւլ անգամ մը եւս յայտարարած է, որ պէտք չէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրն ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները դիտարկել իբրեւ առանձին հոլովոյթներ:

«Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման եւ շրջանի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ ատոր սահմաններէն դուրս, համագործակցութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ առանձին հոլովոյթներ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Նախորդը

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Յաջորդը

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԿԸ ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԹՐՔԱԿԱՆ ՋՂԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.