Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՉԵԼԻՔ. «ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ ՉԵՆ». «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐԱՔ

September 9, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էհուտ Պարաք

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք նախատեսեց, որ Թուրքիոյ հետ տագնապը լուծուի` շեշտելով, որ Իսրայէլը Թուրքիոյ թշնամին պիտի չըլլայ: Ան ցաւ յայտնեց «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքին ընթացքին զոհերու արձանագրութեան համար, սակայն ուժի կիրարկման համար չզղջաց:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները իրենց նախկին մակարդակին կրնան վերադառնալ, եթէ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ կատարած իր յարձակումին համար ներում հայցէ եւ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հատուցում վճարէ: Ան նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ հաղորդակցութիւնը չէ խզուած, որովհետեւ երկու երկիրներուն դեսպանատուները կը շարունակեն բաց մնալ:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Իսրայէլի հետ տագնապին հարցով քննադատեց  թրքական կառավարութիւնն ու անոր վարած քաղաքականութիւնը: Ան ըսաւ, որ թրքական կառավարութեան արտայայտած կեցուածքները նպաստած են Փալմըրի տեղեկագիրին մէջ Կազայի իսրայէլեան շրջափակման օրինականացման:

Քըլըճտարօղլու նշեց, որ իր երկիրը  Իսրայէլի հետ տագնապին սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այս տագնապին հետ վարուելու կերպին պատճառով պարտուող կողմն էր:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց մէջ յառաջացած լարուածութեան յայտնեց, որ «որոշեցինք հարցը Միջազգային արդարադատութեան դատարան ներկայացնել, որպէսզի վերջինս Կազայի շրջափակման  օրինականութեան շուրջ որոշում մը տայ»: Ան ըսաւ, որ «Մաւի Մարմարա»ի հարցով ՄԱԿ-ի կազմած Փալմըրի յանձնախումբին որոշումը «անընդունելի է եւ Թուրքիա զայն չի կրնար ճանչնալ»:

Ան հերքեց, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի օդակայաններուն մէջ երկու երկիրներէն զբօսաշրջիկներու նկատմամբ վատ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի` նշելով, որ «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները սառեցնելու Թուրքիոյ որոշումը անհատներու չի վերաբերիր»:

 

Նախորդը

ԻՐԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ «ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ»

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՏԻՖԵՐԵՆՇԸԼ ԻՆՍԹՐԱՔՇԸՆ» ՆԻՒԹՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.