Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ. «ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ Է ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ»

March 16, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը լրանայ Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ 16 մարտ 1921-ին կնքուած տխրահռչակ համաձայնագիրին 90-ամեակը: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նշեալ համաձայնագիրով կողմերը, ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ տարրական սկզբունքները, առանց հայկական կողմի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան, Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը որոշեցին նուիրաբերել Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանի երկրամասը` իբրեւ ինքնավար «տարածք», յանձնել Ազրպէյճանի խնամակալութեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ Հայաստանի վերաբերող մասը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է, քանի որ համաձայնագիրները կրնան վերաբերիլ միայն համաձայնագիրը ստորագրող կողմերուն եւ որեւէ պարտաւորութիւն կամ իրաւունք չեն ստեղծեր երրորդ կողմին համար` առանց վերջինիս համաձայնութեան: Բացի անկէ, համաձայնագիրը կնքելու ժամանակ չկար Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութիւն ճանչցուած պետութիւն, հետեւաբար` միջազգային իրաւունքի ենթակայ եւ բնականաբար անոր կառավարութիւնը իրաւասութիւն չունէր որեւէ միջազգային համաձայնագիր կնքելու:

Իսկ թրքական կողմը ներկայացնող` այսպէս կոչուած «Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը» ընդամէնը հասարակական կառոյց մըն էր թրքական օրինական իշխանութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ: Աւելի՛ն. թրքական կողմը յայտարարութիւններ կը կատարէր Մուսթաֆա Քեմալի անունով, որ այդ ժամանակ փախուստի մէջ գտնուող ոճրագործ էր եւ որուն նկատմամբ մահուան դատավճիռներ արձակած էին թրքական զինուորական դատարանը եւ կայսրութեան բարձրագոյն կրօնաւորը:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին, Մոսկուայի համաձայնագիրը անօրինական է եւ միջազգային իրաւունքին տեսանկիւնէն ուժ չունի: Ուստի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ չի ճանչնար 16 մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը, իսկ վերջինիս հիման վրայ 13 հոկտեմբեր 1921-ին Հայաստանի պոլշեւիկեան իշխանութեան պարտադրուած Կարսի համաձայնագիրը անվաւեր է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է անյապաղ հրաժարի հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, որոնցմով թրքական կողմը նպատակ կը հետապնդէ օրինականացնել Լենին- Աթաթուրք յանցաւոր գործարքը: Ըստ Գերագոյն մարմինին, լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն իրողութիւնը, որ ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ նոր համաձայնութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական բարեկամութեան ամրապնդման ու զարգացման վստահեցումներու խորապատկերին վրայ, վերոնշեալ անօրէն եւ հակահայ համաձայնագրի ստորագրման 90-ամեակի այս օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «բարձրագոյն մակարդակի համագործակցութեան ռուս-թրքական խորհուրդ»ի նիստը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը հաւատայ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան բարեկամութեան հիմք ծառայել, եթէ հիմնուած են արդարութեան վրայ եւ ուղղուած չեն երրորդ կողմի դէմ: արդարութեան կանչով:

 

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Յաջորդը

ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԺԱՄԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ` ՆՈՒԷՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։