Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ռուսիոյ Բողոքագիր Յղած Է` Հայաստանին Զէնք Վաճառելու Կապակցութեամբ

February 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիքմեթ Հաճիեւ
Հիքմեթ Հաճիեւ

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ ազրպէյճանական «Վեսթի» լրատուական կայքին հաղորդած է, թէ Պաքուն պաշտօնական բողոքագիր մը յղած է Ռուսիոյ` Հայաստանին զէնք վաճառելու Մոսկուայի որոշումին կապակցութեամբ:

Ակնարկութիւնը վերջերս համաձայնուած եւ 10 փետրուարին ուժի մէջ մտած` 200 միլիոն տոլար արժող զինուորական սարքաւորումներ եւ սպառազինութիւն վաճառելու որոշումին մասին է:

Հաճիեւ պնդած է, թէ Հայաստանին կատարուած ժամանակակից եւ յարձակողական զինամթերքի մատակարարումները չեն նպաստեր տագնապի լուծման եւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը աւելիով կրնան սրել:

«Ազրպէյճան նման զէնքեր արտածող երկրէն երաշխիքներ կ՛ակնկալէ այն մասին, որ վաճառուած զէնքն ու սարքաւորումները պիտի չտեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ», եզրակացուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Ռուսիա Կը Պատասխանէ Հայաստանին
Զէնք Ծախելու Գծով Ազրպէյճանի Բողոքին

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հակադարձելով Հայաստանին ծախուած զէնքերուն կապակցութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ռուսիոյ յղուած բողոքագիրին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հինգշաբթի, 25 փետրուարին յայտարարեց, թէ Ռուսիա ծածուկ չի պահեր Հայաստանի հետ իր զինուորական-արհեստագիտական գործակցութիւնը` կոչ ուղղելով Պաքուի իշխանութեանց, որ ըմբռնումով մօտենան այդ գործակցութեան:

Զախարովա աւելցուց, որ զէնքերու այս փոխանակումներուն մասին արդէն իսկ տեղեկութիւններ փոխանցուած են ազրպէյճանցի դիւանագէտներուն` յիշեցնելով, որ իբրեւ դաշնակից երկիրներ` Ռուսիա եւ Հայաստան բնականաբար սերտօրէն կը համագործակցին զինուորական-արհեստագիտական մարզին մէջ:

Զախարովա նաեւ շեշտեց, թէ նախքան զէնքերու վաճառքը, նկատի կ՛առնուի շրջանի իրավիճակը, ապա փոխանցումները կը կատարուին այնպիսի ձեւով, որ չխախտեն ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ 1,5 Միլիոն Տոլարով Վաճառքի Հանուած Է Հայկական Եկեղեցի Մը

Յաջորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Կրթական Համակարգի Ծրագրային Բարեփոխումները Պէտք Է Իրականացուին Նոր Աշխատակարգով»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.