Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Ռիատի Որոշումին, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Քննարկէ Երկրին Արտաքին Քաղաքականութիւնը

February 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը շաբաթավերջին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ռիատի որոշումին, որուն լոյսին տակ կ՛առաջարկուէր Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք սէուտական օժանդակութեան վերջ տալ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի կեցուածքները կը հակադրուին արաբական համախոհութեան սկզբունքներուն:

Ռիատի պաշտօնական որոշումին իբրեւ պատասխան, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ ոչ թէ պատահական ու մակերեսային:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը եղած է առաջին դատապարտողը Իրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ անոր դիւանագիտական անձնակազմին դէմ գործուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ անոր ներքին հարցերուն միջամտելու փորձերուն:

«Արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը հիմնուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վրայ. անիկա որոշուած է վարչապետին հետ համադրաբար եւ կը հետապնդէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումը` առանց խոցելու արաբական համախոհութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը զինելու օժանդակութիւնները կասեցնելու որոշումին իբրեւ հակազդեցութիւն, լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ շաբաթավերջին շարունակեցին արտայայտել իրենց կեցուածքները, որոնց շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամի գումարելու յատուկ նիստ մը` քննարկելու եւ յստակացնելու համար երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը շաբաթ կէսօրէ ետք գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին կառավարութենէն պահանջեց յանձնառու մնալ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր ըլլալ արաբական համախոհութեան:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ որոշումը լիբանանեան քաղաքական տագնապը աւելի եւս կը բարդացնէ:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ կան ձեռքեր, որոնք կը գործեն Լիբանանի արտաքին շահերը հարուածելու ուղղութեամբ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է Հըզպալլայէն ուղղակի պահանջէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ցեխարձակումներ չկատարել:

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք` անդրադառնալով Ռիատի որոշումին, ըսաւ հետեւեալը. «Սուրիոյ մէջ կռուող հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն յանձնուած սէուտական զէնքն ու զինամթերքը սկսած են իսկական վտանգ հանդիսանալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան»:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը, եւ կոչ ուղղեց քաղաքական կողմերուն վերջ տալու քաղաքական խորամանկ խաղերուն:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ` վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը, նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին կարիքները եւ այն իրականութիւնը, որ Ռիատ մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է Լիբանանին:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն, որ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ իրենց քաղաքական կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկեն եւ հսկեն Լիբանանի արաբական ինքնութեան` առանց խախտելու երկրին ազգային միասնականութիւնը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական օժանդակութիւնը բանաւոր սահմաններու մէջ կը գտնուէր: «Այդ օժանդակութիւնը յայտարարուած էր քաղաքական նպատակներու համար, իսկ անոր չեղեալ նկատուիլը դարձեալ կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ», ըսաւ ան:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ընդգծեց, որ պէտք է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը զսպել ու Սէուտական Արաբիոյ հետ տագնապին առումով դիւանագիտական լուծում գտնել:

Հարիրի շեշտեց, որ Պասիլ չի կրնար իւրացնել նախարարաց խորհուրդին որոշումները:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ պահանջուածը Հըզպալլայի բանեցուցած հակակշիռին դէմ ինթիֆատայի կազմակերպումն է` աւելցնելով, որ Պասիլ պատճառ դարձած է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու իր յոյսը կորսնցնէ:

Պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Լիբանանին վնաս հասցնողը Սէուտական Արաբիան չէ, այլ` Հըզպալլան, որ տակաւին կը շարունակէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը խզել:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր յոյս յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները ճիգ չխնայեն Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխան Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Լիբանանի շահերը մնայուն կերպով վտանգուած եւ սպառնալիքի տակ պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ Հըզպալլա մաս կը կազմէ Լիբանանի կառավարութեան:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ժան Մարք Էրոյի հետ, եւ անոր փոխանցեց Լիբանանի նկատմամբ Ռիատի տուած որոշումը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած նուիրատուութիւնը Սէուտական Արաբիոյ նախկին թագաւոր Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզի սխալն էր, որ մերժուեցաւ ներկայ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ:

 

Նախորդը

Մուքպել. «Լիբանան Ոչ Մէկ Հարց Ունի` Որեւէ Բարեկամ Պետութեան Նուիրատուութիւնը Ընդունելու»

Յաջորդը

Նախարարական Յատուկ Յանձնախումբը Այսօր Պիտի Շարունակէ Քննարկել Աղբի Տագնապին Լուծման Հոլովոյթը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.