Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ` ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՌԵՃԵՓ ԹԱՅԻՓ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

September 7, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսի ստորեւ տրուած նամակին անգլերէն բնագիրը պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան:

Պրն. Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Վարչապետ Թուրքիոյ
Անգարա

Պրն. վարչապետ,

Մամուլի ճամբով տեղեակ դարձանք` 1936 թուականէն ասդին Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու ձեր կառավարութեան որոշման: Անկասկած յիշեալ որոշումը ճիգ մըն է ընդառաջելու վերջին շրջանին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ճնշումներուն գծով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կատարած քննարկումներուն ու հետապնդումներուն:

Արդարեւ, իբրեւ իր դարաւոր նստավայրէն արմատախիլ եղած եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան հոգեւոր եւ իրաւական պետը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչը դարձեա՛լ Թուրքիայէն աքսորուած եւ աշխարհի բոլոր կողմերը տարտղնուած հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն, 27 օգոստոս 2011-ին ձեր կառավարութեան տուած որոշումը Մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ: Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն` ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան:

Ձեր կառավարութեան տուած խնդրոյ առարկայ որոշումը թերեւս կրնայ գոհացնել Եւրոպական Միութեան չափանիշները. սակայն, այդ որոշումը արդարութեան սկզբունքին վրայ առնուած քայլ մը երբեք չի կրնար նկատուիլ:

Պրն. վարչապետ, յանուն արդարութեան առնուած, սակայն միակողմանի եւ ընտրովի քայլերը փաստօրէն կ՛ուրանան պատմութիւնը եւ կը ժխտեն ժողովրդավարական սկզբունքներն ու արժէքները: Միջազգային կառոյցները, օրինակ, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանը, խորհրդարանն ու խորհրդարանական մարմինները ժողովրդավարական արժէքները եւ սկզբունքները պահպանողներն ու գործադրողներն են, իսկ անոնց խիղճը` ժողովո՛ւրդն է:

Ինչպէս Ֆրիտճոֆ Նենսըն, Ազգերու լիկայի ներկայացուցիչը եւ խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիրը 1928-ին իր հեղինակած «Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելքը» հանրածանօթ գիրքին մէջ գրած է` «Հայ ժողովուրդը երբեք չէ յուսահատած. ան շարունակած է քաջօրէն աշխատիլ ու սպասել: Ան տակաւին կը սպասէ…» (էջ 324): Իսկ Մենք կ՛ուզենք աւելցնել, թէ` հայ ժողովուրդը նաեւ երբեք պիտի չդադրի արդարութի՛ւն պահանջելէ Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան համար: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի պահանջելէ իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը:

Պրն. վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

31 օգոստոս, 2011
Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

Նախորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ- ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (8 սեպտեմբեր 2011)

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.